Հաղորդագրութիւն

Հինգշաբթի, 10 յուլիս 2014-ի առաւօտեան Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ պատուոյ հիւպատոս Պրայն Ստիվըն Ֆերա, ընկերակցութեամբ` Մաթէաս Ուիլքսի, այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն եւ Շրջանային վարչութեան գրասենեակ: Անոնք շրջեցան «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ եւ ծանօթացան կեդրոնի սպասարկութիւններուն ու աշխատանքներուն:

Առիթ ունեցան նաեւ տեսակցելու Շրջանային վարչութեան անդամներուն հետ, յաւելեալ տեղեկութիւններ ստացան ԼՕԽ-ի գործունէութեան մասին եւ բարձր գնահատեցին կամաւոր կազմակերպութեան բոլոր աշխատանքները:

Անոնք հանդիպման աւարտին յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք մաղթեցին կազմակերպութեան:

 ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ