Երեքշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու սեմին վեհափառ հայրապետը այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ Շրջանային վարչութեան, տնօրէնութեան ու ԼՕԽ-ականներու կողմէ:
տնօրէնութեան ու ԼՕԽ-ականներու կողմէ:
Լիբանանեան, հայկական ու ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն Նազելի Աւագեան բարի գալուստ մաղթեց եւ ողջունեց ներկաները: «83-ամեայ ԼՕԽ-ին բազմաճիւղ եւ բեղուն գործունէութեան պատմութեան էջերը այսօր կը զգենուն յաւելեալ իմաստ: Հայրական եւ օրհնաբեր Ձեր այս այցելութիւնը կը գօտեպնդէ հայ կնոջ եւ ի մասնաւորի` իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ականի կամաւոր աշխատանքի կորովը ու մղիչ ուժ կը հանդիսանայ աւելի բծախնդրութեամբ, պարտականութեան գիտակցութեամբ շարունակելու իւրաքանչիւրիս վստահուած առաքելութիւնը` ի նպաստ հայ կարիքաւորին, աշակերտին, ծերունիին թէ հիւանդին», ըսաւ Աւագեան: Ան վեր առաւ վեհափառ հօր հետեւողական զօրակցութեան յանձնառութիւնը ԼՕԽ-ի նկատմամբ` սատար հանդիսանալով ԼՕԽ-ի առաքելութեան շարունակականութեան: «Ընդունեցէք մեր որդիական, երախտագիտական ջերմ զգացումները, վստահ ենք, որ Ձեր հայրական այս այցելութիւնը օրհնաբեր պիտի դառնայ ԼՕԽ-ին համար եւ անոր նուիրական բարիքները պիտի բաշխուին հայ ժողովուրդին», ընդգծեց Աւագեան:
Ապա ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին անունով խօսք առաւ Վերժին Խորշիտեան, որ անդրադառնալով այս կեդրոնի գործունէութեան, ընդգծեց վեհափառ հօր ներդրումը անոր առաքելութեան արդիւնաւորման մէջ: «27 տարիներ առաջ` լիբանանեան պատերազմի դժուար տարիներուն, ԼՕԽ-ի կեդրոնի գործունէութեան առաջին օրերէն իսկ Դուք` իբրեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ, ունեցաք կենսական բաժին այս ազգանուէր առաքելութեան ծրագրումին, իրագործման ու տարիներու ընթացքին զարգացման» մէջ, շեշտեց Խորշիտեան: Ան նշեց, թէ այսօր կեդրոնը ունի ինը բաժանմունքներ, 27 պաշտօնեաներ եւ քառասուն բժիշկներ: «Տարիներու ընթացքին կեդրոնի բաժանմունքները աւելցան, շնորհիւ լիբանանցի եւ յատկապէս` հայ ժողովուրդի ցուցաբերած հաւատքին ու վստահութեան», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Այս կեդրոնը ներկայիս մաս կը կազմէ առողջապահական նախարարութեան նախնական օգնութիւն մատուցող կեդրոններու ցանցին եւ ընտրուեցաւ Լիբանանի առաջնակարգ հինգ ընկերային կեդրոններէն մին ու հոկտեմբեր 2011-ին վարկաւորուեցաւ «Քանատա Աքրիտիթէյշըն»-ի վարկանիշով եւ արժանացաւ բարձր գնահատանքի: Իսկ յունուար 2013-ին, պարգեւատրուեցաւ առողջապահութեան նախարարին կողմէ, իբրեւ բարձրորակ աշխատանք ու ծառայութիւն մատուցող կեդրոն»: «Այսօր Ձեր այս այցելութեամբ եւ Ձեր օրհնութեամբ պիտի շարունակենք կեդրոնի ընկերաբժշկական առաքելութիւնը` ի սպաս եւ յօգուտ մեր ժողովուրդին», եզրափակեց Խորշիտեան:
Իսկ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան, ողջունելով ներկաները եւ յատկապէս վեհափառ հայրապետը, ըսաւ. «Ձեր այս մտերմիկ այցելութիւնը ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին համար օրհնութիւն, ցնծութիւն եւ մեծ պատիւ է վեհափառ հայր»: «ԼՕԽ-ի փշոտ ուղին դիւրին չէ եղած ամենեւին. անիկա ծնած է տարաբախտ ու գաղթական հայ ազգի բիւր կարիքներէն: Բարեսիրական կամ մարդասիրական գործունէութիւններով չեն սահմանափակուած ԼՕԽ-ի գործունէութեան անդաստանները: Հայը հա՛յ է ամէնուրեք: Արդարեւ, այս համոզումով եւ կարեկցանքով ԼՕԽ-ը իր այս կեդրոնի ծառայութիւններով եւ «Սուրիահայերու օժանդակութեան մարմին»-ին հետ համագործակցելով անկարելին դարձուցած է կարելի` օժանդակութեան ձեռք երկարելով Սուրիայէն գաղթած մեր քոյր-եղբայրներուն» շեշտեց Յովհաննէսեան: Երախտագիտութեան խոր զգացումներով ան շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին եւ ըսաւ. «Ձեր գուրգուրանքը առ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը լուսաւոր աստղի մը նման կը ճառագայթէ ձեր այս գօտեպնդիչ այցելութեամբ ու մեզ` ԼՕԽ-ականներս կը մղէ յաւելեալ հաւատքով ու վճռակամութեամբ ընթանալու` զոհողութեան ու նուիրումի ճամբէն դէպի հզօր ազգի կերտում, դէպի հզօր ապագայ»:
Ապա, վեհափառ հայրապետը իր հայրական խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, գնահատեց կատարուած աշխատանքը, իր անձնական վկայութիւնը տուաւ ընկերաբժշկական կեդրոնին մասին, որ իր առաջնորդութեան տարիներուն հիմնուած էր եւ Ինք եւս իր ներդրումը ունեցած էր այս կեդրոնի ստեղծման մէջ, ինչպէս նաեւ բարձրօրէն գնահատեց կեդրոնի բարերար Մելքոն Պուլղուրճեանը, որ անձնապէս ներկայ էր: Խօսելով ԼՕԽ-ի ունեցած դերակատարութեան մասին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «ԼՕԽ-ը լիբանանահայութեան եւ մանաւանդ Պուրճ Համուտի համար եղաւ մարդասիրական այն օճախը, ուրկէ լոյս ու ջերմութիւն տարածուեցաւ բոլորին` անխտիր, առանց դաւանանքի ու համայնքի խտրութեան: Լիբանանի ամէնէն տագնապալի օրերուն եւ մինչեւ մեր օրերը ԼՕԽ-ը եղաւ ու մնաց մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողքին` կատարելով մարդասիրական անշահախնդիր ծառայութիւն»: Աւարտին, վեհափառ հայրապետը իր աջակցութիւնը, զօրակցութիւնն ու վստահութիւնը փոխանցեց ԼՕԽ-ին եւ մաղթեց, որ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը բազմանան` ի խնդիր հայ ժողովուրդի զաւակներու ծառայութեան: Ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքի Նոր տարին ու Ս. Ծնունդը` նորանոր իրագործումներ մաղթելով:



















