Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանին

Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2014-ին, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի։
Այցելութեան ընթացքին Շրջանային Վարչութեան ատենապետը Սրբազան Հօր ներկայացուց յառաջիկայ երկամեակի աշխատանքի ծրագիրը։ Արծարծուեցան գաղութը յուզող տնտեսական, կրթական, ընկերային, ինչպէս նաեւ Լիբանան ապաստանած սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակելու հարցեր։

Հանդիպման աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրը մեծապէս գնահատեց Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի աշխատանքները, իր զօրակցութիւնը յայտնեց եւ օրհնութիւնը տալէ ետք, յաջողութիւն մաղթեց վարչութեան։