Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամի կնկան Տիկին Լամայի հրաւէրով Չորեքշաբթի 7 Ապրիլ 2014-ին կէսօրէ ետք ժամը 5-ին ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան անդամ ընկերուհիներ՝ Մարալ Յովհաննէսեան եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան ներկայ գտնուեցան Վարչապետարանէն ներս Տիկին Լամայի կազմակերպած «Յարգանք Լիբանանցի մերՏարեցներուն» խորագրով հաւաքին:
Տարեցներու առողջութեան վերաբերեալ մասնագէտ բժիշկ մը եւ երկու հմուտ հիւանդապահուհիներ պարզեցին ներկայ զանազան բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն ինչպէս առողջ եւ ընկերութեան մէջ գործօն դերակատարութիւն ունեցող տարեց դառնալ:
Այս շինիչ հաւաքը աւարտեցաւ ներկաներու կարծիքներու փոխանակումով եւ տարեցներու պարգեւատրումով զուտ Լիբանանեան երաժշտութեան ընկերակցութեամբ:







