ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան 55-րդ Պատգմ. ժողովը տեղի ունեցաւ 11-12 եւ 13 Յուլիս 2014-ին, ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ՝ մասնաճիւղերէ ընտրուած իրաւասու ձայնով 77 պատգամաւորներու, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Զեփիւռ Ռէյիսեանի, Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկ. տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեանի, Շրջ. Վարչութեան եւ ժողովին կողմէ ընտրուած խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալներու եւ ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան։
ԼՕԽի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ՝ ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, անդրադարձաւ ԼՕԽի դերակատարութեան Լիբանանահայ կեանքին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽի գործունէութեան իրենց ներդրումը ունեցող բոլոր ընկերուհիներուն, յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Շրջանային Վարչութեան եւ ԼՕԽի 55-րդ Պատգամաւորական ժողովը բացուած յայտարարեց։
Պատգամաւորական ժողովը ընտրեց դիւանը հետեւեալ ձեւով՝
Նախագահ՝
Ընհ. Մակի Խաչերեան
Ընկհ. Նելլի Վէքիլեան
Քարտուղար՝
Ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեան
Ընկհ. Մարօ Թազեան
Ընկհ. Ազատիկ Տաղըլեան
Ընկհ. Սալբի Աննայեան
Նկատի ունենալով, որ Շրջանային Վարչութեան երկամեայ նիւթաբարոյական գործունէութեան տեղեկագիրը նախօրօք առաքուած էր, Շաբաթ, 12 Յուլիս 2014-ին տեղեկագրի ընթերցում տեղի չունեցաւ։
Ներկայացուեցան նիւթական գործունէութեան հաշուեկշիռը եւ հաշուեքննիչ՝ «Զէյթճեան» գրասենեակի զեկուցումը։
Ապա ներկայացուեցան մասնաճիւղերէ, անհատներէ եւ հրաւիրեալներէ եկած առաջարկները։
Կիրակի, 13 Յուլիս 2014-ին, ընթերցուեցաւ ներկայացուած առաջարկներու բանաձեւումը եւ յանձնուեցաւ դիւանին։ Ապա կարդացուեցան արխիւային գործունէութեան եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբերու զեկուցումները։ Տարուած գործունէութիւնը արժեւորուեցաւ «Յոյժ գնահատելի»։
Կիրակի յետմիջօրէին գոց քուէարկութեամբ ընտրուեցաւ 2014-2016 երկամեայի Շրջանային Վարչութիւնը հետեւեալ կազմով՝
Ընկհ. Թալին Գըլպաշեան (Ատենապետուհի)
Ընկհ. Մարօ Սալխանեան (Փոխ Ատենապետուհ )
Ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեան (Ատենադպրուհի)
Ընկհ. Լիլիան Օրտողլեան (Գանձապահուհի )
Ընկհ. Այտա Խուստեքեան (Հաշուապահուհի)
Ընկհ. Սիրուն Վարդապետեան ( խորհրդական)
Ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեան (խորհրդական )
Ընկհ. Ազատուհի Սարգիսեան (խորհրդական)
Ընկհ. Վարդուհի Տէվէլեան (խորհրդական)
Ընկհ. Սօսի Արամեան (խորհրդական)
Ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեան (խորհրդական)
Իսկ փոխ անդամներ՝
Ընկհ. Սալբի Աննայեան
Ընկհ. Սեւան Ադամեան
Ընկհ. Հուրի Պաճիքեան
Ժողովի աւարտին ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Զեփիւռ Ռէյիսեան խօսք առնելով յայտնեց, թէ նման ժողովներ իրենց իւրայատուկ տեղը ունին։ Ան թելադրեց դիմագրաւուած դժուարութիւններու դիմաց պէտք չէ ընկրկիլ, կողք – կողքի աշխատելով պէտք է յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներու ներդրումին, գնահատեց ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր վարչութեան։












































