ՀՅԴ Լիբանանի կոմիտէի քարոզչական մարմինին կազմակերպութեամբ, Կիրակի 1 Յունիս կէսօրուան ժամը 12։00-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներու յիշատակին, Ֆրըն Շըպպաքի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք հոգեհանգստեան արարողութիւն , որուն նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ
Շահէ եպս. Փանոսեան՝ հոգեհանգստեան արարողութիւններէն ետք , ծաղկեպսակներ զետեղուեցան 1918-ի անկախութիւնը կերտող անձնաւորութիւններուն, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը։

