«ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՕՐ»ՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Կամաւորներու հսկայական փաղանգէ բաղկացած կառոյց մը միայն կրնայ գիտակցիլ, թէ կամաւորներու օրը որքա՛ն մեծ ու կարեւոր նշանակութիւն ունի, եւ տարեկան դրութեամբ կը նշէ այդ օրը՝ տարբեր ձեռնարկներով եւ նախաձեռնութիւններով։

Կամաւորներու այս հսկայ փաղանգը Հայ օգնութեան միու- թիւնն է, որուն կարեւոր բջիջներէն է ԼՕԽ-ը, ուր տարիներէ ի վեր կամաւորներ լծուած են անսակարկ նուիրումով, ծառայութեան վեհ հոգիով եւ փոխարէնը միայն աղօթք մը կամ ժպիտ մը ակնկա- լելով գործելու սրբազան առաքելութեան։ Սերունդները յաջորդած են իրարու՝ բազմապատկելով թիւը կամաւոր ԼՕԽ-ականներուն, որոնք իսկական օրհնութիւն եղած են եւ են ազգին համար։

Շաբաթ, 4 դեկտեմբեր 2010-ին կամաւորներու օր էր, եւ ԼՕԽ-ը անգամ մը եւս այդ օրը յիշատակող եւ կամաւորները այս առիթով ոչ միայն գնահատող, այլ նաեւ անոնց յաւելեալ խորհուրդներ ու ցուցմունքներ տուող աշխատանքի նորանոր ուղիներ բացող նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկաւ «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ։ Շաբաթ օր, առաւօտեան ժամը 10։00-էն մինչեւ

կէսօրուան ժամը 1։30, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած էր համագումար մը, որուն ընթացքին ներկայացուած խօսքերուն ընդմէջէն վեր առնուեցաւ կնոջ դերակատարութիւնը իր ընտանեկան յարկին տակ եւ ընկերութեան մէջ, ուր անոր կամաւորի աշխատանքով կարելի կþըլլայ բարելաւել կացութիւններ, փրկել ընտանիքներ, աւելի լաւ եւ յուսալի իրավիճակներ ստեղծել։

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Հարպոյեան, որ լուսարձակի տակ առաւ համայն աշխարհին մէջ ամենայն նուիրուածութեամբ, ծառայութեան պատրաստակամութեամբ կամաւոր աշխատանքի լծուածներու գոյութիւնը՝ նպատակ ունենալով բարելաւել մարդկու-թեան կացութիւնը։ Ան լուսարձակի տակ առաւ ԼՕԽ-ի առաքելութիւնը, անոր հովանիին տակ գործողներու պատրաստակամութիւնը՝ բոլոր ժամանակներուն եւ որեւէ առիթի հասնելու բոլոր անոնց, որոնք կարիք ունին օժանդակութեան։

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ հաստատեց ՀՕՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի գոյութեամբ եւ անոնց տարած աշխատանքով հպարտ ըլլալու իրաւացիութիւնը՝ նշելով, որ այս նուիրական աշխատանքը առաւել արդիւնաւէտ կը դառնայ, երբ անիկա կը կատարուի հաւաքաբար եւ յստակ նպատակներու համար, ինչպէս է պարագան այս զոյգ կառոյցներուն։ Ան անդրադարձաւ մեր ընկերութեան եւ յատկապէս ընտանիքին մէջ կնոջ մեծ ու ազդու դերակատարութեան, ուր արձանագրուած որեւէ խախտում կրնայ մեծ հետեւանքներ ունենալ նոյնիսկ ազգային մակարդակի վրայ։ Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ տունէն դուրս աշխատանքի լծուելէ առաջ հայ կինը պէտք է իր տան մէջ հայկական մթնոլորտ ստեղծէ, որովհետեւ այդ մթնոլորտը սնունդ է զաւակներուն։

Իր խօսքի աւարտին Գեղամ արք. Խաչերեան ողջունեց կամաւորները, որոնք անգին աշխատանք կը տանին, սահման չունեցող ծառայու-թեան լծուած են եւ այդ պատճառով ալ անոնց գործը սրբազան է։

Ապա Սեդա Խտըշեան ներկայացուց կամաւորութեան գաղափարն ու անոր ընդունուած հասկացողութիւնը, որ որոշ փոփոխութեան ենթարկուած է՝ առեւտուրի եւ շահերու տրամաբանութեամբ լի այս օրերուն։ Անոր համաձայն, թէեւ կամաւոր աշխատանքը ծառայութեան խորունկ եւ իսկական իմաստէն կը բխի, սակայն այսօր տարբեր հաստատութիւններ ու կառոյցներ կը փորձեն այս եզրը օգտագործելով իրենց շահերն ու նպատակները յառաջ քշել։ Խտըշեան շեշտեց, որ իսկական կամաւորը միայն օժանդակելու սահմաններուն ետին կանգնողը չէ, այլեւ ընկերութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման կանգնողը, որպէսզի անարդարութիւններու վերացման եւ անմարդկային շահագրգռութիւն-ներուն վերջ մը դնելու կարելիութիւններուն մասին մտածէ եւ ադ գծով գործէ։ Ան կամաւորներու օրը նկատեց նաեւ ԼՕԽ-ի օրը, որովհետեւ այս միութիւնը եւս գործած է այդ կոչումով, լռութեան մէջ, հեռու դափնիներու ակնկալութիւններէ՝ սիրով, նուիրուածութեամբ, անանձնականութեամբ եւ յօգուտ ընկերութեան բարօրութեան։

«Ինչպէ՞ս աշխուժացնել ՀՕՄ-ը եւ ԼՕԽ-ը» նիւթը ներկայացուց Հիլտա Պայրամեան, որ անդրադարձաւ կնոջ ունեցած կարողականութեան, ուժականութեան, պայքարելու ոգիին, որոնք զայն կը մղեն դուրս գալու իր ընտանեկան յարկէն եւ նեցուկ ըլլալու կարիքաւորներուն։ Ան ԼՕԽ-ականները նկատեց լուռ զինուորներ, որոնք առանց դրամի արժէքներ կը ստեղծեն։ Իր ներկայացումին ընդմէջէն ան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ յաւելեալ մասնագիտութեան ձգտումով կարելի կþըլլայ աւելի արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալել։

Ճաշի դադարէն ետք իրաւաբան Լոռա Մերտխանեան խօսեցաւ կիներու ձեռք բերած օրինական իրաւունքներուն եւ անոնց պահանջներուն մասին. ան նախ ընդհանուր, ապա լիբանանեան մակարդակի վրայ կիներուն առնչութեամբ գոյութիւն ունեցող օրէնքներուն մասին խօսեցաւ՝ նկատել տալով, որ այդ օրէնքները կարիք ունին այժմէականացման, յաւելման, որպէսզի կարելի ըլլայ այսօրուան պայման-ներուն համապատասխանեցնել զանոնք։

Յաջորդ զեկուցաբերն էր Սիւզի Սեմերճեան, որ ներկայացուց «Կնոջ իրավիճակը ընկերութեան մէջ եւ անոր ընկերային-տնտեսական դերը» նիւթը։ Ան լուսարձակի տակ առաւ ընկերութեան տարբեր մարզերուն մէջ կիներու ներկայութիւնը եւ անոնց ստանձնած դերակատարութիւնը, սակայն դիտել տուաւ, որ դժբախտաբար, թէեւ կինը փաստած է իր ատակ ըլլալը, սակայն կարգ մը մարզերու մէջ յատկապէս անոր նկատմամբ յստակ խտրականութիւն կը ցուցաբերուի։ Ան մանրամասն ներկայացուց լիբանանեան մակարդակի վրայ աշխատանքային տարբեր մարզերու մէջ կիներու տոկոսային ներկայութիւնը՝ կոչ ուղղելով բարձրացնել անոր դերակատարութիւնը, փոխել կիներուն նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքը՝ անոնց յաւելեալ ինքնավստահութիւն եւ ինքնազարգացում ներշնչելով ու տալով։ Իր խօսքի աւարտին Սեմերճեան շեշտեց, որ կնոջ զարգացումով հայ ազգը կրնայ զարգանալ։

Կամաւորներու օրուան նուիրուած համագումարին եզրափակիչ զեկուցումը ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ խօսեցաւ հաստատութիւններուն մէջ կին ղեկավարներու կարողութիւններուն մասին։ Ան նախ շեշտեց կամաւորներու կարեւորութիւնը՝ հաստատելով, որ ընկերու-թեան մէջ վերջնական հաւասարակշռութիւն հաստատողները անոնք կը հանդիսանան։

Ան ընկերային հաստատութիւններուն հիմքը նկատեց տունը, ուր իբրեւ ղեկավար մայրը մեծ ազդեցութիւն ունի։ Վեր. Հայտոսթեան դիտել տուաւ, որ ներկայ դրութեամբ հաստատութիւններուն մէջ տարբեր մակարդակներու վրայ, ինչպէս նաեւ ղեկավար դիրքերու վրայ կիները բաւական մեծ աշխատանք կը տանին, սակայն անոնց կատարածը արժեւորելու համար հարկ է գիտակցիլ անոնց տարած գործին բոլոր ծալքերուն, կշիռին։

Անոր համաձայն, մեր ընկերութեան մէջ իգական սեռի կազմաւորման հարց գոյութիւն ունի, որովհետեւ որքան ալ հաւասարութեան մասին խօսուի, տակաւին առկայ կը մնայ այն մօտեցումը, որ իգական սեռի պատկանողներուն համար տուեալ ասպարէզներ աւելի յարմար են. հակառակ անոր որ անցեալին հետ բաղդատած այդ իրականութիւնը մեծ փոփոխութիւն կրած է, սակայն եւ այնպէս տակաւին կը մնայ ի զօրու։