Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակ

Կիրակի, 24 ապրիլի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակը:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Յաւարտ Ս. պատարագին, ներկայ ժողովուրդը համախմբուեցաւ մայրավանքի Նահատակաց մատրան շուրջ, ուր նախագահութեամբ Սրբոց Նահատակաց բարեխօսական յատուկ կարգ տեղի ունեցաւ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ իր պատգամը ուղղեց ներկայ հոծ բազմութեան:

Ան դիտել տուաւ, որ ապրիլ 24-ը սոսկ օր չէ, լոկ պատմութիւն չէ, այլ` ամէնօրեայ տագնապ ու պայքար, օր մը, երբ իւրաքանչիւր հայորդի պահանջատիրական կամքով պէտք է թրծուի, իւրաքանչիւր հայու մտածումն ու գործը պէտք է իրենց ուղղութիւնը ստանան մեր ազգային պահանջատիրութենէն` աւելցնելով, որ 100 տարիներ շարունակ մեր ժողովուրդի զաւակները ա՛յս հաւատքով ու յանձնառութեամբ ապրեցան ու գործեցին: Կաթողիկոսը դիտել տուաւ, որ 2015 թուականին համազգային մաշտապով նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, եւ հայութիւնը վճռակամութիւնը վերահաստատեց, որ վերանորոգ հաւատքով ու տեսիլքով պիտի շարունակէ իր պայքարը, իսկ Հայոց ցեղասպանութենէն 101 տարիներ ետք հայութիւնը դարձեալ կը յայտարարէ, որ հաւաքական վճռակամութեամբ կառչած է անտեղիտալի պայքարին` մերժելով ոեւէ ձեւի նահանջ, սակարկութիւն կամ զիջում:

Անոր համաձայն, հայ ժողովուրդի զաւակները Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհի քաջ պէտք է գիտնան, որ Հայաստանը աշխարհի քարտէսէն ջնջելու ու մեր ժողովուրդը ոչնչացնելու եւ պատմութեան արխիւներուն մէջ նետելու նո՛յն քաղաքականութիւնը կը շարունակուի` Թուրքիոյ ու անոր ցեղակից Ազրպէյճանի կողմէ:

«Հետեւաբար, արթո՛ւն եղիր, ժողովո՛ւրդ հայոց, մենք մնայուն պատերազմի մէջ ենք: Մենք շրջապատուած ենք տեսանելի ու ոչ-տեսանելի թշնամիներով: Մենք բարեկամներ չունինք: Ինչպէս պատմութեան ընթացքին, այս՛օր եւս Հայաստանը կռուախնձոր է շրջանային թէ միջազգային գերուժերու շահերուն միջեւ: Այս դառն իրողութեան դիմաց մենք մեր ուժին պէտք է վստահինք:
«Հայաստանի Հզօրացումը Եւ Ղարաբաղի Ինքնապաշտպանութիւնը Հիմքը Մեր Պահանջատիրական Պայքարին» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս:

Վեհափառի պատգամէն ետք ,  տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը իր կարգին ծաղկեպսակ զետեղեց մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակին ,  ինչպէս նաեւ վերանորոգեց իր ուխտը, շարունակելու ԼՕԽ-ի առաքելութիւնը ծառայելու Հայ ժողովուրդին: