Միջ-վարչական Բ. Ժողով

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած Բ. միջ-վարչական ժողովը գումարուեցաւ Երկուշաբթի, 27 Մարտ 2017-ին, «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի (Թրիփոլի) «Պապիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ Շրջանային Վարչութեան կազմին:

Ժողովի ընթացքին կատարուեցան աշխատանքային փոխանցումներ, ապա ժողովականները այցելեցին շրջանի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանը եւ Սուրբ Գալստեան եկեղեցին: