Այցելութիւն

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Սիլվա Թագւորեան, Մայիս 2016-ի իր Լիբանան այցելութեան ընթացքին, այցելեց նաեւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, ներկայ եղաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու կարգ մը ձեռնարկներուն եւ հանդիպում ունեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն  հետ:

Ան առիթը ունեցաւ ծանօթանալու կեդրոնի իւրաքանչիւր բաժանմունքի մատուցած սպասարկութեան, մեծապէս գնահատեց ԼՕԽ-ի եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի գործունէութիւնը , իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ  այսօր կեդրոնը առանց խտրութեան կը գոհացնէ բոլորին պէտքերն ու կարիքները եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր ընկերուհիներուն, յատկապէս կամաւոր ընկերուհիներուն, որոնք աշխատանք կը տանին ի նպաստ ժողովուրդին: