Հաղորդագրութիւն

Հինգշաբթի, 3 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի նորընտիր Շրջանային վարչութեան անդամները այցելութիւն մը տուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` ստանալու համար անոր հայրապետական օրհնութիւնն ու քաջալերանքը` յառաջիկայ երկամեակին զիրենք սպասող լայնածաւալ ու պատասխանատու գործունէութեան սեմին:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան լիբանանահայ գաղութի ընկերային կեանքը յուզող առկայ վիճակի բարելաւման եւ սուրիահայութեան օժանդակելու լաւագոյն միջոցները:

Այս գծով վեհափառ հայրապետը կատարեց յոյժ օգտաշատ յանձնարարութիւններ, տուաւ իր օրհնութիւնը եւ բոլոր ԼՕԽ-ականներուն կամաւոր գործունէութեան յաջողութիւն մաղթեց:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ