ԼՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող, «Արաքսի և Ալեքսան Գլպաշեան» Կազդուրման Կայանը օժտուեցաւ ոտնագնդակի դաշտով մը, նուիրատուութեամբ Յովակիմեան ընտանիքին (Ռազմիկ, Ացուքօ, Ֆիրա, Աթիսիւս):
Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 17 Մայիս 2018-ին, կ.ե. ժամը 5:30-ին, ներկայութեամբ Այնճարի երեք հոգեւոր պետեր՝ Տէր Միւռոն քհն. Աւետիսեանի, Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանի և Հայր Մեսրոպ Թօփալեանի, Այնճարի Քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեանի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Նելլի Վեքիլեանի, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան կազմին, ԼՕԽ-ի 26 մասնաճիւղերու վարչութիւններուն ու «Աղթամար» մասնաճիւղի գործօն ընկերուհիներու:
Տէր Միւռոն Քհն. Աւետիսեանի աղօթքէն ետք, Այնճարի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փողերախումբը, հնչեցուց արծուիկներու նուագը: Ապա ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկհ. Մարալ Մխճեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ ինչպէս բարերար ընտանիքը զգացուած է, ի տես 2017-ի կազդուրման կայանի ամառնային ծրագրին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն, աւելցնելով, թէ կան այլ ծրագիրներ եւս, որոնք կը կարօտին օժանդակութեան ու իրականացման:
Դաշտի գործածութեան ազդանշանը տուաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական պատանի մը, գնդակը դէպի բերդ ուղղելով: Ներկաներու ծափողջոյններուն խառնուեցան խաղաղ, առողջ և ուրախ գործածութեան մաղթանքներ, ինչպէս նաեւ բարի կեցութիւն կազդուրման կայան յաճախող և իրենց ուրախութիւնը հոն գտնող երեխաներուն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն








