ԼՕԽի տարեկան հանգանակութիւն

ԼՕԽի տարեկան հանգանակութիւնը ընթացք առաւ Ուրբաթ,  21 Ապրիլ 2017-ին։ Վերոյիշեալ օրը 26 մասնաճիւղերու վարչութիւններ, իրենց շրջաններու ակումբներուն մէջ,  ՀՅԴ ԼԵՄի երիտասարդներու ընկերակցութեամբ շրջեցան թաղամասերու բնակարանները եւ կատարեցին հանգանակութեան աշխատանքը։

Նոյն օրն իսկ "Վանայ Ձայն" ռատիոկայանը սփռեց յատուկ յայտագիր մը, որուն ընդմէջէն խօսք առին համայնքներու, միութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներ, որոնք դրուատիքով անդրադարձան ԼՕԽի բարեսիրական գործունէութեանց։

Տեղին է յիշել, նաեւ որ նոյն օրը "Ազդակ" օրաթերթով լոյս տեսան յօդուածներ տնօրէններու թէ խաչուհիներու ստորագրութեամբ. յօդուածները կ’անդրադառնային ԼՕԽի լայնածաւալ եւ մարդասիրական գործունէութեան։

20 Ապրիլին հայկական վարժարաններու մէջ եւս սկիզբ առաւ դրամահաւաքի աշխատանքը։

Շաբաթ, 22 Ապրիլին հայահոծ շուկաներու մէջ վարչութիւններու ընկերուհիները այցելեցին վաճառատուները ու կատարեցին դրամահաւաք։

Յաջորդ հանգրուանով Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2017-ին, Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ գործակցութեամբ հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց, զանազան շրջաններու մէջ զետեղուեցան հանգանակութեան անցարգելներ եւ երկրորդականի աշակերտներ մասնակցեցան հանգանակութեան աշխատանքին։

Շաբաթ, 6 Մայիս 2017-ին, ԱՊԸԲ կեդրոնի "Թնճուկեան" սրահին մէջ կատարուեցաւ հանգանակութեան հաշուակցում։ Մասնաճիւղերու վարչութիւններ Շրջանային Վարչութեան տրամադրութեան տակ դրին իրենց հանգանակած գումարները եւ այդ առիթով "Վանայ Ձայն" ռատիոկայանէն արտասանուեցան հանգանակութեան նպատակին, աշխատանքի ընթացքին մասին վկայութիւններ եւ շնորհակալական խօսքեր։

Վերջին հանգրուանով, Կիրակի, 14 Մայիս 2017-ին հանգանակութեան տուփիկներ զետեղուեցան, նաեւ հայկական եկեղեցիներուն մէջ։

Վարձքը կատար բոլորին։