Միջ-Մասնաճիւղերու Վարչութիւններու Ա. Ժողով (2015)

            Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, Չորեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր, 2015-ին, Ժիպէյլի «Հայ Կեդրոն»-ին մէջ, տեղի ունեցաւ նորընտիր վարչութիններու միջ-մասնաճիւղերու վարչութիւններու Ա. ժողովը: Ներկայ էին 106 վարչական ընկերուհիներ, ինչպէս նաեւ Շրջանային Վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումբէն ընկերուհիներ եւ ՀՕՄ-ի Համահայկական 71-րդ Պագամաւորական ժողովին մասնակցած պատգամաւորները:

            ԼՕխ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Գըլպաշեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց զանոնք, մէկ վայրկեան յոտնկայս, յարգելու յիշատակը ԼՕԽ-ի բարերարուհի՝ Վիգթորիա Ապումարագեանի:

Ընկերուհի Գըլպաշեան կատարեց կարգ մը փոխանցումներ եւ յիշեցումներ, ապա հրաւիրեց կազմակերպչական յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսէ Ճինպաշեանը փոխանցելու կազմակերպական գիտելիքներ: Ընկերուհի Ճինպաշեան բախտաւորութիւն համարեց սոյն ժողովը Ժիպէյլի մէջ կայացնելը, որովհետեւ ժիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ին մէջ կազմաւորուած եւ թռիչք առած են, հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր որբերը: Ապա անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան նպատակին, փոխանցեց կազմակերպական գիտելիքներ, շեշտը դնելով անդամարշաւի կարեւորութեան:

            Պատգամաւոր ընկերուհիները կատարեցին ՀՕՄ-ի Համահայկական 71-րդ Պատգամաւորական Ժողովի զեկուցումը եւ պատասխանեցին ներկաներուն լուսաբանական հարցումներուն:

            ՀՕՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ ընկերուհի Նելլի Վէքիլեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկայ եւ անցեալի վարչական ընկերուհիներուն ըսելով , թէ մասնաճիւղերու վարչութիւնները հիմքը կը կազմեն Կեդրոնական եւ Շրջանային Վարչութիւններուն, անոնք իրենց յաջողութիւնը կը պարտին վարչական ընկերուհիներուն:

            Կէսօրին, ներկաները միասնաբար ճաշակեցին իրենց մատուցուած ճաշը, որու ընթացքին ընկհ. Շաքէ Պաղտասարեան երգերով ճոխացուց մթնոլորտը: Ներկաները գոհունակութեամբ բաժնուեցան սրահէն:Սոյն հանդիպման յաջողութեան մեծ ներդրում ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը: