Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը Կիրակի, 29 Նոյեմբեր 2015-ին, Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, յատուկ պաշտամունքով մը յարգեց, շուրջ քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած, ԼՕԽ-ի բարերարուհի Վիքթորիա Ապումարաքեանի յիշատակը:
Պաշտամունքի ընթացքին, եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան ներկայացուց Վիքթորիա Ապումարաքեանի կեանքի պատմականը: Ան դրուատիքով խօսեցաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան մասին եւ գնահատեց Վիքթորիայի հանդէպ ունեցած անոր հոգատարութիւնը: Ապա հրաւիրեց Շրջանային Վարչութեան ատինապետուհի՝ Ընկհ. Թալին Գըլպաշեանը փոխանցելու Շրջանային Վարչութեան խօսքը:
Ընկհ. Գըլպաշեան իր խօսքին մէջ ըսաւ.- «ԼՕԽ-ը կը գոյատեւէ եւ իր բարեսիրական-մարդասիրական ծառայութիւնը կը շարունակէ շնորհիւ ԼՕԽ-ի առաքելութեան հաւատացող անդամուհիներու հսկայ փաղանգին եւ անոր նեցուկ կանգնող բարերար ազգայիններուն», ապա անդրադարձաւ բարերարուհիին կատարած ազնիւ եւ օրինակելի արարքին:
Ընկերուհիները այցելեցին նաեւ բարերարուհիին գերեզմանը եւ աղօթքով մը իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին, իսկ որպէս հոգեճաշ Շրջանային վարչութիւնը ստանձնեց ԼՕԽ-ի «Վ.Տէկիրմենճեան» խոհանոցին սպասարկած ճաշէն օգտուող կարիքաւորներու, 18 դեկտեմբեր 2015 –ի ճաշի ծախսերը:



