Դոկտ. Հրանուշ Խառատեանի այցելութիւնը

Ուրբաթ, 6 Փետրուար 2015-ին, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց, հայրենի ազգագրագէտ Դոկտ. Հրանուշ Խառատեան եւ հանդիպում մը ունեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներուն հետ: Վարչութեան ատենապետուհին մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, յանձնախումբերու, մասնաճիւղերու եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի գործունէութիւններուն մասին: Դոկտ. Խառատեան շրջեցաւ կեդրոնին մէջ եւ մօտէն ծանօթացաւ կեդրոնի աշխատանքներուն եւ սպասարկութիւններուն: Ան բարձր գնահատեց տարուած բոլոր աշխատանքները եւ իր տպաւորութիւնները արձանագրելէ ետք ԼՕԽ-ի «Ոսկեմատեան»ին մէջ, գոհունակութեամբ մեկնեցաւ: