Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի բարեսիրական գործունէութեան հաւատացող բարերարներն ու նուիրատուները բազմաթիւ են:
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ուրախ տօներու նախօրեակին, Շաբաթ, 26 Դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահէն ներս, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը կազմակերպած էր յատուկ ձեռնարկ մը, որու ընթացքին 85 փոքրիկներ իրենց տարիքին յատուկ նուէրներ ստացան բարերարի մը օրինակելի եւ հպարտութիւն առթող նուիրատուութեամբ: Փոքրիկները, ընկերակցութեամբ իրենց մայրերուն, ժամանակէն առաջ ներկայ էին տօնելու, զուարճանալու եւ ուրախ ժամանակ անցընելու ԼՕԽ-ի երդիքին տակ, Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներուն ներկայութեամբ :
Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Գըլպաշեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, հետեւեալ հարցումները ուղղեց փոքրիկներուն, թէ ինչպիսի՞ կազմակերպութիւն է ԼՕԽ-ը, ի՞նչ աշխատանքներ կը տանի եւ ի՞նչ է անոր առաքելութիւնը : Փոքրիկները քաջածանօթ ըլլալով ԼՕԽ-ի գործունէութեան, անվերապահօրէն եւ համարձակ, ճիշդ պատասխանեցին հարցումներուն, որը հոգեկան գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն պատճառեց Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներուն , երբ լսեցին, որ նորահաս սերունդը արդէն իսկ լաւատեղեակ է ԼՕԽ-ի բարեսիրական ծառայութիւններուն:
Կաղանդ Պապուկին ժամանումը խանդավառեց մթնոլորտը: Փոքրիկներուն մէջ տաղանդաւորներուն թիւը շատ էր: Անոնցմէ շատեր, իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին երգով, արտասանութեամբ եւ շուրջպարերով: Կաղանդ Պապուկէն իրենց նուէրները ստանալէ ետք, գոհունակ բաժնուեցան սրահէն:









































