Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը Հինգշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2015-ին, «Քոմոտոր» պանդոկին մէջ ներկայացուց խորհուրդին մշակած 2011-2021 տասնամեայ աշխատանքային ռազմավարութեան գործադրութեան առաջին տեղեկագիրը` ներկայութեամբ լիբանանեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին էր նաեւ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ տարբեր նախարարութիւններու եւ պետական ու պաշտօնական խորհուրդներու վարչութիւններուն ներկայացուցիչները:
Սոյն տեղեկագիրը ներկայացուց Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի պատասխանատու անդամ ՝ ընկհ. Սօսի Փօլատեանը, ուր յայտնեց թէ ՝ խորհուրդը իր տեղեկագիրը պատրաստած է ՄԱԿ-ի բնակչութեան սնտուկին եւ քաղաքացիական ընկերութեան 40 տարբեր կազմակերպութիւններու հետ գործակցաբար իսկ նախքան իր ռազմավարութիւնը պատրաստելը, խորհուրդը կատարած է տեղեկահաւաք մը, ինչպէս նաեւ վիճակագրութիւններ, որոնց արդիւնքներուն հիման վրայ ճշդած է աշխատանքային իր ռազմավարութիւնը:
