Հաղորդագրութիւն. Այցելութիւն Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին

Հինգշաբթի, 20 օգոստոս 2015-ին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան կարգ մը ընկերուհիներ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին, Հայ կաթողիկէ համայնքի նորընտիր Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին:

Շնորհաւորական եւ յաջողութեան բարեմաղթութիւններէն ետք, Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին,ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց ՀՕՄ-ի, յատկապէս ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութիւնը: Արծարծուեցան նաեւ զանազան նիւթեր, որոնք կ՛առնչուէին հայութեան:

Հոգեւոր տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար, բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը, իր զօրակցութիւնը յայտնեց եւ յաջողութիւն մաղթելով տուաւ իր օրհնութիւնը: