Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 3 Յունուար 2016-ի առաւօտեան, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց «Ohio»-ի «The Presbytery Church»-էն պատուիրակութիւն մը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի մէջ Միջին  Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (MECC) ատենապետ՝ ընկհ. Սեդա Խտըշեանի եւ տեսակցութիւն  ունեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Նելլի Վէքիլեանի, ԼՕխ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներուն եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի տնօրէնուհիին հետ:

Ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Գըլպաշեան մանրամասն բացատրութիւն տուաւ Շրջանային Վարչութեան, յանձնախումբերուն եւ մասնաճիւղերուն գործունէութեանց մասին, ապա կեդրոնի տնօրէնուհի՝ օրդ. Մէյրի Չոլոյեան ներկայացուց կեդրոնի բաժանմունքները եւ իւրաքանչիւրին մատուցած ծառայութիւնները:

Պատուիրակութիւնը մեծապէս գնահատեց տարուած բոլոր աշխատանքները եւ իր տպաւորութիւնները արձանագրեց ԼՕԽ-ի Ոսկեմատեանին մէջ եւ յիշատակի նուէր մը յանձնեց Շրջանային Վարչութեան : Հիւրերը առիթը ունեցան  շրջելու կեդրոնի բաժանմունքները եւ մօտէն ծանօթանալու բժշկական սպասարկութիւններուն ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ի յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու  գործունէութիւններուն : Անոնք այցելեցին նաեւ Պուրճ Համուտի ԼՕխ-ի ձեռարուեստի կեդրոնը: