Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 6 Ապրիլ 2016-ի առաւօտեան, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց ՀՕՄ-ի  Սթոքհոլմի մեկուսի մասնաճիւղի ընկերուհիներէն՝ ընկհ. Սիլվա Կիւլիւզեանը: Ան շրջելէ ետք կեդրոնի բաժանմունքները, տեսակցութիւն   ունեցաւ  ԼՕխ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներուն  հետ:

Արծարծուեցան  ՀՕՄ-ի Սթոքհոլմի մեկուսի մասնաճիւղի եւ ԼՕԽ-ի   Շրջանային Վարչութեան, յանձնախումբերու , մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ ԱՊԸԲ կեդրոնի  գործունէութեանց շուրջ զանազան նիւթեր:

Ընկհ. Կիւլիւզեան դրուատեց տարուած բոլոր աշխատանքները եւ յաջողութիւն մաղթելէ ետք մեկնեցաւ: