Բարերար Գագիկ Ծառուկեանի այցելութիւնը ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն

Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէի նախագահ, բարերար Գագիկ Ծառուկեան, իր Լիբանանի մէջ հայկական կառոյցներ այցելութիւններու ծիրէն ներս, Շաբաթ, 25 Յուլիս 2015-ին, այցելեց նաեւ ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն:

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկհ. Թալին Գըլպաշեան ամփոփ կէտերու մէջ, ներկայացուց ԱՊԸԲ կեդրոնի աշխատանքները եւ ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութիւնը:

Պրն. Ծառուկեան շրջեցաւ կեդրոնի բաժանմունքները, մօտէն ծանօթացաւ կեդրոնի գօրծունէութեան եւ ապա նախքան մեկնիլը դրուատեց տարուած աշխատանքը: