Նախաձեռնութեամբ՝ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան, Հինգշաբթի, 9 Յուլիս եւ Ուրբաթ, 10 Յուլիս 2014-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին մէջ, անգամ մը եւս տեղի ունեցաւ նպաստաբաշխում, Լիբանան ապաստանած 500 Սուրիահայ գաղթական ընտանիքներու:
Օժանդակութիւնը տրամադրուած էր Շաղուրի ընտանիքին կողմէ , որ կը միտէր յարգել իրենց վաղամեռիկ որդւոյն յիշատակը: Ընտանիքին փափաքն էր, որ իւրաքանչիւր նպաստ ստացողը աղօթէ իրենց զաւկին հոգւոյն հանգստութեան համար:
Նպաստը Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի տրամադրութեան տակ եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տնօրինութեամբ եւ Պրն. Շաղուրիի ներկայացուցիչ՝ Պրն. Ալէքսիս Մքարզէլի միջոցով: Ծրագրի նպատակն էր նեցուկ կանգնիլ Լիբանան ապաստանած Սուրիահպատակ Քրիստոնեաներուն:
Լիբանան ապաստանած Սուրիահայերուն համար կազմակերպած զանազան ծրագիրներու կողքին` սեմինարներ, դասախօսութիւններ, դասընթացքներ եւ այլն, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը, այս երկրորդ անգամն էր, որ կը կատարէր նման նպաստաբաշխում, որու աշխատանքին մէջ իր ներդրումը ունեցաւ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի անձնակազմը: Նպաստաբաշխումը կատարուեցաւ ըստ Հայ համայնքի Միջ-բարեսիրական հաստատութիւններու ժողովին մէջ ընդգրկուած բարեսիրական կազմակերպութեանց անուանացանկերուն:
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութեան խոր զգացումները կը յայտնէ Շաղուրի ընտանիքին եւ կը մաղթէ, որ իրենց զաւկին յիշատակը անմար մնայ եւ անոր հոգին երկնքի արքայութեան արժանանայ:






















