Չորեքշաբթի, 24 Փետրուար 2016-ի առաւօտեան, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց Գանատայի Երիցական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը (The Presbyterian Church), ընկերակցութեամբ Պէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (MECC) ատենապետ՝ ընկհ. Սեդա Խտըշեանի եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ ԼՕխ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներուն հետ:
Արծարծուեցան Շրջանային Վարչութեան, յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու գործունէութեանց մասին զանազան նիւթեր:
Ան մեծապէս գնահատեց տարուած բոլոր աշխատանքները եւ առիթը ունեցաւ շրջելու կեդրոնի բաժանմունքները, մօտէն ծանօթացաւ բժշկական սպասարկութիւններուն եւ ԼՕԽ-ի յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու գործունէութիւններուն : Ինչպէս նաեւ այցելեց Պուրճ Համուտի ԼՕխ-ի ձեռարուեստի կեդրոնը:

