ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը պարգեւատրեց իր բարերարներէն Պր. Պերճ Կիւլպէնկեանը

Շաբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2015-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը պարգեւատրեց իր բարերարներէն Պր. Պերճ Կիւլպէնկեանը, որ տասը տարիներէ իվեր կը հոգայ 100-է աւելի կարօտեալներու եւ անտէր ծերերու շաբաթը միօրեայ ճաշը:

2004-ի աւարտին, Պր. Կիւլպէնկեանի առաջադրանքով եւ ֆինանսաւորումով, ԼՕԽ-ը սկսաւ 100 կարօտեալ եւ անտէր ծերերու շաբաթը մէկ օր տաք ճաշ հրամցնել: Բարերարին փափաքն էր, որ 100 ծերերէն 10-ը ըլլան արաբներ, առ ի երախտագիտութիւն Լիբանանի հիւրասէր ժողովուրդին եւ անոր վերաբերմունքին որ ցուցաբերեց Հայ ժողովուրդին նկատմամբ, երբ 1915-ի ցեղասպան ջարդերէն ճողոպրած անտէր ու անտուն հայեր ապաստան գտան Լիբանանի մէջ:

Սոյն ծրագրին սկսելէն քանի մը տարի ետք, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը եւս ստանձնեց շաբթուան մէջ ,երկրորդ օր մը ճաշ հայթայթելու ֆինանսաւորումը: Այսօր, խոհանոցի ծրագրէն կ՛օգտուին շուրջ 130 ընտանիքներէ 180 պարագաներ, որոնցմէ, բացի անօգնական ծերերէն, կ՛օգտուին նաեւ ընկերային եւ տնտեսական ծանր պայմաններ ունեցող ընտանիքներ:

Շնորհիւ Պր. Կիւլպէնկեանի քաջալերանքին ստեղծուած այս գործունէութիւնը վերածուած է իսկական հիմնարկութեան մը, որ իր «Ճաշ Եփելու Արուեստը» շարունակական դասընթացքներով, իր աւաարտականներով, Վարդուհի Տէկիրմենճեան խոհանոցին մէջ պատրաստուած համադամ ճաշերով, կու գայ հոգալու համայնքէն ներս կարիք մը:

Այս պատճառաւ է, որ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը որոշեց խորհրդանշական յուշանուէրով մը, իր , Վ. Տէկիրմենճեան խոհանոցի յանձնախումբին, ծերունիներուն եւ պարագաներուն անունով, սրտագին շնորհակալութիւն յայտնել Պր. Պերճ Կիւլպէնկեանին, ընկերական մտերմիկ շրջանակի եւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, ներկայութեամբ բարերարներ Պերճ Կիւլպէնկեանին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Պր. Անդրանիկ Մսրլեանին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկհ.Նելլի Վէգիլեանին, պատկան մարմնի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Հաւաթեանին, Շրջանային Վարչութեան , ԼՕԽ-ի բարեկամներու, ԱՊԸԲ կեդրոնի տնօրէնուհի՝ Մէրի Չոլոյեանին, կեդրոնի նախազգուշական բաժնի պատասխանատու ընկհ Վերժին Խորշիտեանին,   եւ Վ.Տ. խոհանոցի յանձնախումբի ընկերուհիներուն որուն խօսքը փոխանցեց յանձնախումբի անդամ՝ ընկհ Անի Պաղտիքեանը:

Վարձքը կատար, ԼՕԽ-ի բարերար Պր. Պերճ Կիւլպէնկեանին: