Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակի նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ, երեքշաբթի 8 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին «Հիլթըն-Մեթրոփոլիթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` լիբանանեան քաղաքական, կուսակցական, դիւանագիտական, ապահովական եւ հոգեւոր ստուար ներկայացուցչութեամբ:
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւնը ներկայ էր սոյն ընդունելութեան:
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Ցոլեր Թալաթինեան, որ հրաւիրեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին` արտասանելու իր խօսքը :Ան ըսաւ: ««Մեծ պատասխանատուութիւն է խօսիլ կուսակցութեան մը մասին, որ հիմնուած է 1890-ին, հայ ժողովուրդին պատմութեան ամէնէն դառն օրերուն, եւ որ կը շարունակէ պայքարիլ մինչեւ օրս` դիմագրաւելով Լիբանանի եւ շրջանին մէջ մեր ժողովուրդին շրջանցած բոլոր դժուար հանգրուանները:
«Հ Յ Դաշնակցութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող գաղափարաբանական ոչ մէկ կուսակցութեան կը նմանի. ան կը գործէ 34 երկրի մէջ եւ հարիւրաւոր քաղաքներու եւ գիւղաքաղաքներու մէջ ունի մասնաճիւղեր, այսինքն` հոն, ուր հայկական գաղութներ գոյութիւն ունին: «ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակին առիթով մենք կը վերանորոգենք մեր ժողովուրդին, պայքարող երիտասարդութեան եւ Լիբանանի հանդէպ մեր հաւատքը, ինչպէս նաեւ կը հաստատենք, որ մեր երթը պիտի շարունակուի, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն:
«Մենք անձնատուր պիտի չըլլանք, պիտի շարունակենք տոկալ ու գոյատեւել այս հողին վրայ եւ միասնաբար գործել ի խնդիր արժանապատիւ եւ փառաւոր Լիբանանի փրկութեան»:





