Պէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Ծառայութիւն, Ընկերային Արդարութիւն Բաժանմունքին եւ Ֆինլանտական Finn Church Aid կազմակերպութեան Ֆինանսաւորութեամբ՝ ու ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ՝ ընկերային պայմաններու բարելաւման ի նպաստ կազմակերպուած ճաշի եւ ձեռարուեստի դասընթացքները, որ ընթացք առած էին 15 մայիս 2015-ին, բաժնուեցան եռօրեայ չորս սեմինարներու, որոնցմէ երեք ճաշի սեմինարներ տեղի ունեցան ԱՊԸԿ "Վարդուհի Տեկիրմենճեան "խոհանոցին մէջ եւ երեք ձեռարուեստի սեմինարներ « Թնճուկեան» սրահին մէջ,ապա ձեռարուեստի եւ ճաշի դասընթացքները շարունակուեցան չորրորդ եւ վերջին հանգրուանով Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի "Ֆիլհաննէսեան" կեդրոնին մէջ:
"Վարդուհի Տեկիրմենճեան" խոհանոցի յանձնախումբի ընկերուհիներ, իննը օրերու ընթացքին մասնակիցներուն փոխանցուելիք, ճաշացուցակ մը պատրաստեցին եւ շաբաթական միօրեայ դրութեամբ շատ կազմակերպուած ձեւով ներկայացուցին ճաշերու պատրաստութիւնները , առաւել շեշտը դրին ճաշերը խնամքով սեղան ներկայացնելու հնարամտութիւններուն:
"Վարդուհի Տեկիրմենճեան" խոհանոցի դասընթացքներուն ընթացքին փոխանցուեցան նաեւ ճաշերու պատրաստութեան հետ առնչուող բացատրութիւններ :Ճաշի դասերուն հետեւող մօտաւորապէս 75 հայուհիներ (իւրաքանչիւր 3 դաս 25 տարբեր անձերու մասնակցութեամբ) լաւապէս տիրապետեցին ճաշ եւ անուշեղէններ եփելու արուեստին: Անոնցմէ ոմանք ինքնավստահութիւն շահելով իրենց խոհանոցային գիտելիքներէն , աշխատանքի դիմեցին իսկ ուրիշներ տան մէջ ճաշեր պատրաստելով վաճառեցին, իրենց ընտանիքներուն նիւթական եկամուտ ապահովելու եւ ինքնաբաւ դառնալու մտահոգութեամբ :
Ճաշի պատրաստութեան չորրորդ եւ վերջին սեմինարը տեղի ունեցաւ Այնճարի "Ֆիլհաննէսեան" կեդրոնին մէջ, 11-13 Օգոստոս 2015-ին մասնակցութեամբ 35 տիկիններու, որոնք դասատուներու կողքին մեղուաջան աշխատանքով մասնակցեցան խմորեղէններու եւ քաղցրեղէններու պատրաստութեան :
Յետմիջօրէին յատուկ դասապահ մըն ալ ճշդուեցաւ "ձմեռուկի" փորագրութեան, ձմեռուկը վերածելով քանդակուած փունջ մը ծաղիկի:
********************
Ձեռարուեստի դասընթացքները, որ ընթացք առած էին 15 Մայիս 2015-ին ԱՊԸԲ կեդրոնի "Թնճուկեան"սրահին մէջ, յաջորդական ձեւով, շաբաթական միօրեայ դրութեամբ շարունակուեցան իննը դասընթացքներով: Ձեռարուեստի յանձնախումբի ընկերուհիներուն բծախնդիր փոխանցումներով եւ ցուցմունքներով 25-30 տիկիններ տիրապետեցին Մարաշի, Սվազի եւ կարի զանազան գիտելիքներուն:
Յանձնախումբի ընկերուհիներ պատրաստած էին իւրաքանչիւր ձեռագործի հետ առնչուած դերձաններ, պիտոյքներ, կերպասներ եւ կերպարներ:
Ձեռարուեստի իննը դասընթացքներուն հետեւող հայուհիները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին իրենց տրամադրուած ձեռագործի բոլոր պիտոյքներուն համար, անոնցմէ ոմանք ներկայացան ձեռարուեստի կեդրոն, մաս կազմելու աշխատանոցի՝ ձեռագործ բանող տիկիններու ցանկին, ոմանք ընդունուեցան աշխատանքի իսկ մնացեալէն խնդրուեցաւ վարժողական շրջան մը անցնել, ապա կրկին ներկայանալ աւելի մասնագիտացած կարողութիւններով:
Ձեռարուեստի սեմինարի չորրորդ հանգրուանը տեղի ունեցաւ Այնճարի "Ֆիլհաննէսեան" կեդրոնին մէջ եւ վերջ գտաւ 13 Օգոստոսին:
Աղթամար մասնաճիւղի յանձնախումբի ընկերուհիներ յանձն առած էին "ասեղնագործութեան " գաղտնիքները փոխանցել իր չորս տարբեր ասեղներով: Դասընթացքին հետեւեցան 25 հայուհիներ:
Ընդհանուր առմամբ MECC-ի ճաշի եւ ձեռարուեստի դասընթացքներուն հետեւեցան եւ օգտուեցան մօտաւորապէս 160 տիկիններ:
Ձեռարուեստի եւ Խոհանոցի դասընթացքներուն հետեւող բոլոր հայուհիները իրենց անհուն գոհունակութիւնը ու ցանկութիւնը յայտնեցին, խնդրելով որ սոյն, դասընթացքները տեղի ունենան ամբողջ տարուան տեւողութեամբ :
Վերոյիշեալ սեմինարներուն որպէս դասատու, Պէյրութի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան խոհանոցի եւ ձեռարուեստի յանձնախումբերու ընկերուհիներ, իսկ Այնճարի մէջ՝ "Աղթամար" մասնաճիւղի վարչութեան եւ յանձնախումբի ընկերուհիներ:
MECC-ի ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուեցաւ շնորհիւ Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներուն անսակարկ նուիրումին:


































