Գործակցութեամբ համաշխարհային եկեղեցիներու (WCC) եւ կազմակերպութեամբ Պէյրութի մէջ միջին արեւելքի եկեղեցիներու (MECC) արդարութիւն եւ ընկերային ծառայութիւն բաժանմունքի խորհուրդներուն, 6-10 Սեպտեմբեր 2015-ին, տեղի ունեցաւ համագումար մը «Աստուածամօր Լերան» վանքին դասախօսութիւններու յատուկ սրահին մէջ, որու օրակարգին մաս կը կազմէին գաղթականութեան եւ քաղաքացիութեան առնչուող հարցեր:
Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան երկիրներէ ժամանած, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եկեղեցական խորհուրդներէ եւ բարեսիրական հաստատութիւններէ ներկայացուցիչներ, ներառեալ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութենէն երկու ներկայացուցիչ ընկերուհիներ:



