Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 20  Յունուար 2016-ին, Լիբանանահայ  Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոն այցելեց  ՀՕՄ-ի Կիպրոսի  մեկուսի «Սօսէ» մասնաճիւղի անդամուհիներէն՝ ընկհ. Մակի  Մահտէսեանը: 

Ընկհ. Մահտէսեան շրջելէ ետք կեդրոնի բաժանմունքները, հանդիպում  մը ունեցաւ Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներուն հետ: Ան հիացմունքով արտայայտուեցաւ կեդրոնի մատուցած սպասարկութիւններուն մասին իսկ ԼՕԽ-ի յանձնախումբերուն եւ մասնաճիւղերուն կատարած բազմածաւալ գործունէութիւնները մեծապէս գնահատեց : Արծարծուեցան ԼՕԽ-ի  եւ ՀՕՄ-ի Կիպրոսի մեկուսի մասնաճիւղի գործունէութեանց հետ առնչուող զանազան նիւթեր, կատարուեցաւ միտքերու փոխանակում:

 Ընկերուհին այցելեց նաեւ Պուրճ Համուտի ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի կեդրոնը: