Սեմինար ՝«Խոհանոցէն Ներս Առողջապահական Գիտելիքներ» նիւթով:

ԼՕԽ-ի  Շրջանային Վարչութեան ձեռնարկած ճաշ պատրաստելու սեմինարները աւելի արդիւնաւէտ ձեւով ներկայացնելու միտումով, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութենէն ընկերուհիներ՝ Ազատուհի Սարգիսեան եւ Սանդուխտ Հերկելեան մասնակցեցան «Management Mix» ընկերութեան կազմակերպած միօրեայ սեմինարին, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 10 Մարտ 2016-ի, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, «Խոհանոցէն Ներս Օգտագործուած Գործնական Առողջապահական Գիտելիքներ» նիւթով:

Հետաքրքրական այս դասընթացքը ընդհանուր առմամբ ներկայացուեցաւ յատուկ տեսերիզով մը, որ մերթ ընդ մերթ շարունակուեցաւ հաւաքական աշխատանքով «Workshop»: Ներկայ էին բազմաթիւ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ եւ սննդագէտներ:

Դասընթացքը առիթ մը եղաւ ներկաներուն գաղափարներու փոխանակման եւ յաւելեալ գիտելիքներու փոխանցման: