Ճափոն 54,802 Ամ. Տոլարի Յատկացում Կը Կատարէ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին

Երեքշաբթի, 26 յունուար 2016-ին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչին եւ Ճափոնի դեսպանատան միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, որով դեսպանատունը 54.802 ամերիկեան տոլարի յատկացում մը պիտի տրամադրէ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ ճափոնական դեսպանատան մէջ` ներկայութեամբ դեսպան Սիչի Ուցուքայի, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեանի, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Մէյրի Չոլոյեանի եւ Նախազգուշական բաժանմունքի պատասխանատու եւ գործակից տնօրէն Վերժին Խորշիտեանի:

Սոյն նիւթական յատկացումով կեդրոնը պիտի օժտուի արդիական սարքերով`

1) Շողանկարումի, «Computered Radiography Complete System» արդիական գործիք
2) Կեդրոնի շէնքին նոր վերելակ
3) 15 հատ օդափոխիչ սարքեր (Split System Air Conditioners)

Այս առիթով մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Ճափոնի դեսպանատան, որ  5-րդ անգամ ըլլալով կը գործակցի  ԼՕԽ-ի հետ եւ իր նիւթական օժանդակութեամբ սատար կը հանդիսանայ անոր նորանոր նուաճումներուն: