Լուրեր

«Ճաշկերոյթի ձեռնարկ» ի նպաստ մասնաճիւղի որդեգրեալ սան-սանուհիներուն

ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ճաշկերոյթի ձեռնարկը, ի նպաստ մասնաճիւղի որդեգրեալ սան-սանուհիներուն տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 11 Փետրուար 2016-ին, « Ազատամարտ» ակումբի «Չուխատարեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեան, յանձնախումբերէն, մասնաճիւղերէն ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, մասնաճիւղի անդամուհիներ եւ բարեկամուհիներ: Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Հելէն Խայեաթ իր…

Աւելին
Ձեռնարկ «Սիրոյ Տօն»-ին առիթով

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան յարաբերական յանձնախումբը աշխատանք կը տանի, առաւելագոյն չափով, ծանօթացնելու ԼՕԽ-ի կամաւոր եւ բաեսիրական գործի նուիրական նպատակը հանրութեան, ինչպէս նաեւ հասոյթ ապահովելու Շրջանային Վարչութեան: Այս նպատակով, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Շաբաթ, 13 Փետրուար 2016-ին, Ռապիէի «Guest House» սրահին մէջ, «Սիրոյ Տօն»-ին առիթով, տեղի ունեցաւ յանձնախումբին կազմակերպած յատուկ հաւաքոյթը: Ներկայ էին…

Աւելին
«Միջինք»

ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան (Տիգուէյնի) կազմակերպած «Միջինք»-ի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 16 Փետրուար 2016-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Այտա Խուստէքեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, հիւրերու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարօ Տէր Գէորգեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ներկայացուց օրուան դասախօսուհի՝ ընկհ. Սօսէ Ճինպաշեանը, ապա հրաւիրեց զայն փոխանցելու իր…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Պահածոյ Ուտեստեղէնները (Տուփեղէն Եւ Սառած)» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 17 փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Պահածոյ ուտեստեղէնները (տուփեղէն եւ սառած)» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց սննդագէտ Մարիա Տագէսեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց, ատենապետ Սոնա…

Աւելին
«Պահքի Ձեռնարկ»

ԼՕԽ-ի «Նայիրի» (Անթլիաս) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ընկերային հանդիպումը՝ «Պահքի Ձեռնարկ» տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 16 Փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Լիլիան Օրտողլեանի, քոյր մասնաճիւղերէ ներկայացուցիչներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ բարեկամուհիներու: Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝…

Աւելին
«Սիրոյ Տօն» (Valentine)

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հ. Սասունի» մասնաճիւղի վարչութեան (Ֆանար), «Սիրոյ Տօն»-ին առիթով, ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 13 Փետրուար 2016-ի երեկոյեան, ժամը 9:30-էն սկսեալ, Նահր Ալ քէլպի «Ալժաննէ» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու…

Աւելին
«Բարեկենդանի Հանդիպում»

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան (Ժտէյտի) կազմակերպած «Բարեկենդանի Հանդիպում»-ը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 11 Փետրուար 2016-ի առաւօտեան, «Անի» ակումբի սրահին մէջ: Ներկայ էին Շրջանային Վարչութենէն, մասնաճիւղերէ, յանձնախումբերէ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, համակիրներ եւ հրաւիրեալներ: Տարրալուծարանի մասնագէտ եւ ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբի տարիներու գործօն անդամուհի՝ ընկհ. Շաքէ Բարմաքսըզեան հրաւիրուած էր դասախօսելու, նիւթ ունենալով…

Աւելին
«Բարեկենդան»-ի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի վարչութեան, «Բարեկենդան»ի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 9 Փետրուար 2016-ին, «Արագած» ակումբի «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Վարդուհի Տէվէլեանի, քոյր մասնաճիւղերու եւ «Ս. Սարգիս» եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ու տիկնանց միութեան ներկայացուցիչներուն, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հրաւիլեալներու: Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Արեան Քննութիւններու Անհրաժեշտութիւնը» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 10 փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Արեան քննութիւններու անհրաժեշտութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց տարրալուծարանագէտ Շաքէ Բարմաքսզեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ Սոնա…

Աւելին
«Քարաօքէ»-ի երեկոյ

ԼՕԽ –ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի Ընկերային յանձնախումբը պահպանելու համար հայ երգն ու երաժշտութիւնը, Երկուշաբթի, 8 Փետրուար, 2016-ին, կազմակերպեց «Քարաօքէ» երեկոյ մը, ճաշարան «Նապաա Այնճարի» մէջ: Համախմբուած էին մօտ 75 ընկերուհիներ ու համակիրներ, միասնաբար, կեանք տալու մոռցուած հայկական երգերուն: Ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց յաձնախումբի ատենապետուհի՝ Ընկհ. Անէթ Փալազեան, ան մաղթեց որ բոլորին տուները լի ըլլան խնդութեամբ ու…

Աւելին
«Բարեկենդան»-ի տօնին առիթով  ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» (Մարաշ) մասնաճիւղի վարչութիւնը, «Բարեկենդան»-ի տօնին առիթով կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 5 Փետրուար 2016-ին, «Սարդարապատ» ակումբի «Աբրահամ Աշճեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի եւ շուրջ ութսուն ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Ատէլ Դերձակեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բացատրեց ձեռնարկին…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Մասնաճիւղերու Ամանորի Ձեռնարկները (2016)

«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Գործունէութիւնը Այսօր

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը իր հիմնադրութիւնէն ի վեր (1987), երկար տարիներու վրայ գործած է ու կը գործէ Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանին մէջ եւ շնորհիւ լիբանանահայ գաղութի բարերարներու ազնիւ նուիրատութիւններուն եւ շարք մը տեղական ու միջազգային կազմակերպութիւններու, պետական կառոյցներու եւ դեսպանատուներու նիւթական օժանդակութեան եւ աջակցութեան` կը տանի ընկերային եւ առողջապահական գործունէութիւն` ծառայելով…

Աւելին
Ազգ. Աքսոր Գասարճեան Վարժարանի աշակերտները այցելեցին ԱՊԸԲ կեդրոն

Երկուշաբթի, 8 Փետրուար 2016-ի առաւօտեան, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն այցելեցին Ազգ. Աքսոր Գասարճեան Վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցչուհիներուն եւ Տնօրէնուհիին՝ Տիկ. Արեգնազ Աղասարգիսեանի։ Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ ԼՕԽ-ի գործունէութեան եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի աշխատանքներուն, տարբեր բաժանմունքներուն եւ տրամադրուած սպասարկութիւններուն…

Աւելին
Բարեկենդանի Աւանդական Ճաշի Պազար

ԼՕԽ-ի «Զալքա» շրջանի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղին համար աւանդութիւն դարձած է Բարեկենդանի նախօրեակին կազմակերպել Հայկական ճաշերու պազար ձեռնարկ մը : Ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ կարծես կը սպասեն այդ օրուան իրենց ներդրումը ունենալու ԼՕԽ-ին: Այս տարի եւս, Շաբաթ, 6 Փետրուար 2016-ին, Բարեկենդանի նախօրեակին, առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ Զալքա-ի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբը ժամադրավայր դարձած էր ԼՕԽ-ի ընկերուհիներուն եւ…

Աւելին
«Սուրբ Սարգիս Զօրավար»-ի տօնին առիթով ձեռնարկ

«Սուրբ Սարգիս Զօրավար»ի տօնին առիթով, ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Մար Եուսէֆ), կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 2 Փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, շրջանի ակումբի «Սարգիս եւ Արշալոյս Ներսէսեան» սրահէն ներս: Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Շաքէ Դարբինեան բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանին, բարերարուհի՝…

Աւելին
Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 3 Յունուար 2016-ի առաւօտեան, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց «Ohio»-ի «The Presbytery Church»-էն պատուիրակութիւն մը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (MECC) ատենապետ՝ ընկհ. Սեդա Խտըշեանի եւ տեսակցութիւն ունեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Նելլի Վէքիլեանի, ԼՕխ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներուն եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Հոգեֆիզիքական Հիւանդութիւններ» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 3 փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հոգեֆիզիքական հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց հոգեբուժ տոքթ. Ժան Քլոտ Եազպեք: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը…

Աւելին
Յայտարարութիւն

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը միասնաբար պատրաստեցին 2015-2016 տարեշրջանի ծրագիրը, որուն նպատակն է պահպանել ընտանիքի առողջութիւնը, որ գրաւականը կը հանդիսանայ առողջ ընկերութեան: Ըստ Միջազգային առողջապահական կազմակերպութեան տուեալներուն, յառաջիկայ տասնամեակներուն պիտի բազմապատկուի թիւը այն անհատներուն, որոնք կը տառապին քրոնիկ…

Աւելին
Դասախօսութիւն` Գլխացաւերու Պատճառները» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 27 յունուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գլխացաւերու պատճառները» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց մանկաբուժ տոքթ. Պերճ Տագէսեան: Առողջապահական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը կատարեց Սոնա…

Աւելին
Ճափոն 54,802 Ամ. Տոլարի Յատկացում Կը Կատարէ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին

Երեքշաբթի, 26 յունուար 2016-ին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչին եւ Ճափոնի դեսպանատան միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, որով դեսպանատունը 54.802 ամերիկեան տոլարի յատկացում մը պիտի տրամադրէ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ ճափոնական դեսպանատան մէջ` ներկայութեամբ դեսպան Սիչի Ուցուքայի, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեանի, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»…

Աւելին
«Սուրբ Սարգիս» զօրավարի  անուանակոչութեան տօն

Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահը , ուրբաթ, 22 Յունուար 2016–ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին լեցուած էր ընկերուհիներով եւ ԼՕԽ-ի համակիրներով , միասնաբար նշելու «Սուրբ Սարգիս» զօրավարի անուանակոչութեան տօնը: Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ՝ ընկհ. Անի Տիւքէնճեան, իր բարի գալուստի խօսքով նախ անդրադարձաւ հայկական աւանդութիւններուն կարեւորութեան, շեշտը դնելով, օրուայ առիթին «Ս. Սարգիս» տօնին…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Համեմներու Օգտակարութիւնը» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 20 յունուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Համեմներու օգտակարութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց սննդագէտ Մարիա Թէքէեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց…

Աւելին
Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 20 Յունուար 2016-ին, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն այցելեց ՀՕՄ-ի Կիպրոսի մեկուսի «Սօսէ» մասնաճիւղի անդամուհիներէն՝ ընկհ. Մակի Մահտէսեանը: Ընկհ. Մահտէսեան շրջելէ ետք կեդրոնի բաժանմունքները, հանդիպում մը ունեցաւ Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներուն հետ: Ան հիացմունքով արտայայտուեցաւ կեդրոնի մատուցած սպասարկութիւններուն մասին իսկ ԼՕԽ-ի յանձնախումբերուն եւ մասնաճիւղերուն…

Աւելին