«Սուրբ Սարգիս Զօրավար»ի տօնին առիթով, ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Մար Եուսէֆ), կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 2 Փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, շրջանի ակումբի «Սարգիս եւ Արշալոյս Ներսէսեան» սրահէն ներս:
Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Շաքէ Դարբինեան բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանին, բարերարուհի՝ Տիկին Արշալոյս Ներսէսեանին, քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ բոլոր ներկաներուն, որոնք եկած էին քաջալերելու վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկը:
Երգիչ՝ Ճօ Աթակեան, ընկերակցութեամբ ձայնի հաղորդավար՝ Գէորգ Պաղտասարեանի, ճոխ երգերով խանդավառեցին մթնոլորտը: Ներկաները իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին, շուրջպարերով եւ կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Վիճակաձգութենէն ետք ներկաները բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան իրարմէ:






