Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հ. Սասունի» մասնաճիւղի վարչութեան (Ֆանար), «Սիրոյ Տօն»-ին առիթով, ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 13 Փետրուար 2016-ի երեկոյեան, ժամը 9:30-էն սկսեալ, Նահր Ալ քէլպի «Ալժաննէ» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու :
Ձեռնարկի բացումը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Պէօյիքեան. Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա խօսք առաւ շրջանի ՀՅԴ «Էտկար Ակնունի» կոմիտէի հերթապահ՝ ընկ. Արծիւ Խաչատուրեանը: Ան գնահատեց ԼՕԽ-ի «Հ. Սասունի» մասնաճիւղի աշխատանքը եւ յանձնարարեց, որ աւանդութիւն դարձած այս ձեռնարկը ամէն տարի քաջալերուի շրջանի բոլոր հայրենակիցներուն կողմէ:
Մթնոլորտը խանդավառեց երգիչ՝ Սագօ Մըխմելճեանը. տեղի ունեցաւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ եւ վիճակաձգութիւն:
Ներկաներուն նուիրուեցաւ կարմիր վարդ մը՝ որպէս սիրոյ խորհրդանիշ:











