Դասախօսութիւն` «Համեմներու Օգտակարութիւնը» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 20 յունուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Համեմներու օգտակարութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց սննդագէտ Մարիա Թէքէեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց Վերժին Խորշիտեան: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը, նշեց համեմներու օգտագործման կարեւորութիւնը մեր ճաշերուն պատրաստութեան մէջ, յատկապէս այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ աստիճանաբար կը նուազի բնական միջոցներով կանխազգուշացումը զանազան հիւանդութիւններէ:

Սննդագէտ Մարիա Թէքէեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով համեմներու օգտակարութիւնը առողջութեան` յիշեցնելով, թէ անոնք միշտ ալ օգտագործուած են հին ժամանակներէ սկսեալ: Ներկայիս անոնց քիչ օգտագործման պատճառներէն գլխաւորը այն է, որ հասարակութիւնը բաւարար գիտելիքներ չունի անոնց մասին:

Սննդագէտը թուեց զանազան համեմներ` նշելով ամէն մէկուն օգտագործման ձեւը, օգտակարութիւնը առողջութեան, զանազան հիւանդութիւններ կանխարգիլելու յատկութիւնը:

1.- Քիմոն (քիւմըն): Եգիպտական բոյս: Ունի զանազան բուժիչ յատկութիւններ, յատկապէս բորբոքումներու եւ քաղցկեղի դէմ պայքարելու: Ինչպէս նաեւ փորհարութիւն կասեցնելու:

Քիմոնը նաեւ օգտակար է ժամանակաւորապէս բարձրացնելու մարմնի նիւթափոխանակման աշխատանքը` նպաստելով կշիռքի, ինչպէս նաեւ քոլեսթերոլի եւ ճարպերու նուազեցման:

2.- Մշկընկոյզ (Նաթմէկ): Կարծր ընկուզաձեւ հունտ մը, որ իբրեւ համեմ կը գործածուի:

Այս համեմը կը յատկանշուի մանրէներու բազմացումը կանխարգիլելու յատկութեամբ, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ նուազեցնելու յոգնութիւնն ու ճնշուածութիւնը եւ բարձրացնելու ուղեղի կեդրոնացումը:

3.- Քրքում (Թիւրմերիք): Այս համեմը կը յատկանշուի բորբոքումները կանխարգիլելու իր յատկութեամբ, ինչպէս նաեւ ամոքելու զանազան ցաւերը:

Քրքումը կը կասեցնէ քաղցկեղային բջիջներու բազմացումը եւ աճումը:

Զանազան ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ այդ համեմը կը բարելաւէ ուղեղի աշխատանքը` կանխարգիլելով «Ալցհայմըր» հիւանդութեան զարգացումը:

4.- Տարչին:  Այս համեմը  10-29 առ հարիւր կը նուազեցնէ շաքարի քանակը արեան մէջ: Տարչինը կրնայ կանխարգիլել արեան մակարդակի գոյացումը` նուազեցնելով սրտի զանազան տագնապները եւ անհանգստութիւնները:

5.- Կարմիր կծու պղպեղ: Կարմիր պղպեղը կը նուազեցնէ ախորժակը` բարձրացնելով իւղերու վատնումը մարմնի մէջ: Ան կը բարձրացնէ մարմնի դիմադրողականութիւնը, ինչպէս նաեւ արեան շրջագայութիւնը:

6.- Կոճապղպեղ (Ճինճըր): Բոյսի մը կծու արմատը: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ կոճապղպեղը կրնայ բուժել սրտխառնուքը, յատկապէս երբ ան կը պատահի առաւօտեան:

Կոճապղպեղը ունի նաեւ հակաբորբոքային յատկութիւն, ինչպէս նաեւ ցաւերը ամոքելու յատկանիշ:

7.- Եղեսպակ (Սաժ): Անանուխի ընտանիքէն կարճ թուփ: Այս համեմը կը բարելաւէ ուղեղի աշխատանքը, յիշողութիւնը, առողջ անհատները, երիտասարդ թէ տարեց:

Եղեսպակը նաեւ կը նուազեցնէ քոլեսթերոլի քանակը արեան մէջ, ինչպէս նաեւ բարձր ճնշումը:

8.- Խնկունի (ռոզմէյրի): Այս բոյսի իբրեւ համեմ  գործածութիւնը կը նուազեցնէ գերզգայնութիւնը: Խնկունին յատկապէս կարելի է օգտագործել համեմելու զանազան ճաշեր, որոնք պատրաստուած են հաւու միսէ, ինչպէս նաեւ կենդանական միսէ:

9.- Անանուխ: Անանուխը հին ժամանակներէն ի վեր կ՛օգտագործուի ժողովրդային բժշկութեան մէջ:

Անանուխը կը պարունակէ բարձր համեմատութեամբ կենսանիւթեր «Սէ» եւ «Ա»:

Ան կը նպաստէ նուազեցնելու միզամանի, աղիքային եւ այլ ցաւեր:

10.- Սխտորը: Սխտորը ունի յատկութիւնը կանխարգիլելու զանազան հիւանդութիւններ, յատկապէս կռիփը, հարբուխը: Ան կը նպաստէ սրտի առողջութեան` նուազեցնելով ոչ լաւ քոլեսթերոլը 10-15  առ հարիւրով:

Սխտորը կրնայ նաեւ նուազեցնել արեան գերճնշումը, ինչպէս նաեւ կանխարգիլել քաղցկեղի զանազան տեսակներ` արգանդի, աղիքային եւ այլն:

11.- Ռեհան (Պասիլ):  Ռեհանը կը պաշտպանէ մարմինը կանխահաս ծերանալէ, ինչպէս նաեւ զանազան մաշկային հիւանդութիւններէ:

Անցեալին նաեւ կ՛օգտագործուէր վէրքերու բուժման համար` կանխարգիլելով մանրէներու զարգացումը եւ բազմացումը: Ռեհանը կը նուազեցնէ արեան շաքարի  քանակը, ինչպէս նաեւ գերյոգնածութիւնը:

12.- Վայրի Սուսամբար (Օրիկանօ): Վայրի սուսամբարը ունի յատկութիւնը կանխարգիլելու մանրէներու ու ժահրերու բազմացումը:

Ան կը պարունակէ բարձր համեմատութեամբ Քէյ կենսանիւթ, ինչպէս նաեւ մանրաթել:

Աւարտին սննդագէտ Մարիա Թէքէեան զանազան օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: