Լուրեր

Դասախօսութիւն` «Ելեկտրամագնիսական Ուժերու Ազդեցութիւնը Առողջութեան Վրայ» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 13 յունուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ելեկտրամագնիսական ուժերու ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բնագիտութեան ուսանող-ուսուցիչ Հրակ Գարագաշեան…

Աւելին
Հաղորդագրութիւն

Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօնին առիթով ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը շաբաթ, 29 դեկտեմբեր 2015-ին ընդունեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի երկրորդական բաժինի 10-րդ դասարանի աշակերտները: Աշակերտները ընկերային ծառայողին ընկերակցութեամբ միասնաբար այցելեցին Պուրճ Համուտի մէջ բնակող կարիքաւոր երեք հայ ընտանիքներու, որոնց բաշխեցին նուէրներ, ուտեստեղէն, հագուստներ եւ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի ծերունիները մասնակցեցան Հայ Համայնքի Միջբարեսիրական Հաստատութիւններու Ժողովին կազմկերպած Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Խրախճանքին

Հովանաւորութեամբ լիբանանահայ գաղութի երեք յարանուանութիւններու պետերուն եւ կազմակերպութեամբ Հայ համայնքի միջբարեսիրական հաստատութիւններու ժողովին (որուն մաս կը կազմէ նաեւ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը), երեքշաբթի, 12 յունուար 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի խրախճանքը` գաղութի անտէր եւ կարիքաւոր ծերունիներուն…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Արագած» Մասնաճիւղ Փոքրերու Կաղանդ

ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի ուրախ առիթներով, կազմակերպած էր փոքրերու յատուկ ձեռնարկ մը, շրջանի փոքրիկներուն համար, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 4 Յունուար 2016-ին, McDonald΄s ճաշարանին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ եղան շուրջ 60 փոքրիկներ, որոնք ճաշակեցին իրենց հրամցուած ճաշը եւ խաղացին մանուկներու յատուկ խաղալիքներով: Անոնց բոլորին դէմքերը ներկուեցան զանազան կենդանիներու կերպարներով: Մթնոլորտը…

Աւելին
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղը (Ռաուտա)Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ուրախ տօներուն առիթով կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որ կը միտէր «Էհլան» շրջանին մէջ ապրող անկար եւ անտէր մամիկներն ու պապիկները ուրախացնել, ժպիտ մը սերմանելով անոնց դէմքերուն: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11:30-ին, շրջանի ակումբէն ներս, ներկայութեամբ ՝ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Կարս» Մասնաճիւղի Որդեգրեալ Ծերերու Հաւաքոյթ

ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի (Էշրէֆիէ) որդեգրեալ ծերերը կը հաւաքուին իւրաքանչիւր ամսուան առաջին երեքշաբթի օրը, ստանալու իրենց նիւթական յատկացումը, անհրաժեշտ դեղորայքը եւ պնակ մը տաք ճաշ, շրջանի այլ կարիքաւորներու կողքին, որը կը տրամադրուի շրջանէն բարերարի մը կողմէ: 22 դեկտեմբեր 2015- ին, տարեցները կրկին հաւաքուեցան, տօնելու ամանորը եւ բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորելու 2016 տարին: Անոնք միասնաբար ճաշեցին բարերարին տրամադրած ճաշը…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Արագած» Մասնաճիւղ Տարեցներու Կաղանդ

ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի վարչութիւնը, այս տարի եւս կազմակերպեց, տարիներու աւանդութիւն դարձած տարեցներու նուիրուած Ամանորի ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 26 Դեկտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, «Արագած» ակումբի «Սարգիս Գալայճեան» սրահէն ներս: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք , վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սիլվա Բորբոսեան-Ուաննէս իր բարի գալուստի խօսքին մէջ ըսաւ թէ ՝-« մենք ձեզի կը պարտինք մեր գոյութիւնը…

Աւելին
Փոքրիկներու Յատուկ Կաղանդի Ձեռնարկ

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի բարեսիրական գործունէութեան հաւատացող բարերարներն ու նուիրատուները բազմաթիւ են: Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ուրախ տօներու նախօրեակին, Շաբաթ, 26 Դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահէն ներս, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը կազմակերպած էր յատուկ ձեռնարկ մը, որու ընթացքին 85 փոքրիկներ իրենց տարիքին յատուկ նուէրներ ստացան բարերարի մը օրինակելի եւ հպարտութիւն առթող…

Աւելին
«Մեղրի» Մասնաճիւղի Ամանորի Աւանդական Պազարը

Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու կազմակերպած ձեռնարկները միշտ եղած են բազմատեսակ , ինչպէս՝ փոքրերու յատուկ կաղանդ, տարեցներու ամանոր, ճաշկերոյթ, եւայլն....իսկ Պէյրութի «Մեղրի» մասնաճիւղի ամանորը խորհրդանշող ձեռնարկը եղաւ «Աւանդական Պազար» մը, կազմակերպուած ՝վարչութեան ընկերուհիներուն կողմէ, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 26 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Պէյրութի «Նշան Փալանճեան»…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Հ. Սասունի» Մասնաճիւղի Ամանորը

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, շրջանի մանուկները ուրախացնելու եւ ուրախ ու հաճելի մթնոլորտ մը անցընելու նպատակով, ԼՕԽ-ի «Հ. Սասունի» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2015-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Ֆանարի Մատրան սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ շուրջ 80 փոքրիկներու: Բացման…

Աւելին
ԱՊԸԲ կեդրոնի Ամանորը

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ուրախ տօներուն առիթով, Չորեքշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ աւանդական Ամանորի խրախճանքը, որ կազմակերպուած էր ԱՊԸԲ Կեդրոնի աշխատանքի խմբակին կողմէ։ Ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամներ, ԱՊԸԲ Կեդրոնի Տնօրէնութիւնը, բժիշկները եւ…

Աւելին
«Կաղանդ Պապուկ»-ի Ձեռնարկ

Անհամբերութեամբ սպասուած պահը հասած էր..... Շուրջ 65 Փոքրիկներ իրենց մայրերու ընկերակցութեամբ, ժամանած էին Ժպէյլի «Հայ Կեդրոն», ներկայ գտնուելու ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Կաղանդ Պապուկ»-ի ձեռնարկին, Շաբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին: Գեղեցիկ էր սրահի զարդարանքը, տօնական բուրմունք կար ամէն անկիւն, տօնածառը իր գոյնըզգոյն լոյսերով, կաղանդ պապուկի հսկայ բուչիկը, որ բերուած էր ԱՄՆ-էն…

Աւելին
«Հայաշէն» Մասնաճիւղի Ամանորի Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Հայաշէն » մասնաճիւղի վարչութեան, 17 դեկտեմբեր 2015-ին, Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առիթով տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը , Հայաշէնի «Ռոստոմ » ակումբի «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ՝ հիւրերու, ԼՕԽ-ի ընկերուհիներու եւ համակիրներու: Ներկաները սրահի մուտքին հիւրասիրուեցան խմիչքով եւ տուրմով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Շաքէ Պաղտասարեան, ան բարի գալուստ մաղթեց…

Աւելին
« Ն. Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի Ամանորը

Հովանաւորութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի յանձնախումբին եւ օժանդակութեամբ «Ժպիտ» խմբակին, Շաբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2015-ին, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, «Ժպիտ» խմբակի ներկայացուցիչ՝ տիկին Հուրի Գարաճըրճեանի, յանձնախումբի ընկերուհիներուն եւ գրադարանի պատասխանատու ուսուցչուհիներուն, գրադարան յաճախող…

Աւելին
Ամանորի Ձեռնարկ Տարեցներու եւ Մանուկներու

Շաբաթ,19 Դեկտեմբեր 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սիմոն Եահնիեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ամանորի խրախճանքը մանուկներու եւ տարեցներու համար, որոնք մէկտեղուեցան նոյն սրահին մէջ: Օրուան հաղորդավարն էր Փաթիլ Մկրտիչեան, որ իր բացման խօսքին մէջ նշեց, թէ ողջունելի նախաձեռնութիւն մըն է այս հաւաքոյթը՝ որուն նպատակն է ժպիտ դրոշմել տարեցներու դէմքերուն եւ…

Աւելին
Կամաւոր Բժիշկներու Ամանորի Հաւաքոյթ

Այնճարի, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան բժիշկներուն Կամաւոր աշխատանքին առ ի գնահատանք, մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբը, Շաբաթ, 19 Դեկտեմբեր, 2015-ին, նորակառոյց Ֆիլհաննէսեան կեդրոնի սրահին մէջ, կազմակերպեց հաւաքոյթ մը, դարմանատան մէջ կամաւորաբար ծառայող բժիշկներուն , բժիշկուհիներուն եւ իրենց ընտանիքներուն: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետուհի ՝ընկհ.Ցողիկ Հաւաթեան , որ մեծապէս գնահատեց բժիշկներուն…

Աւելին
Երիտասարդ Նկարիչը Եւ ԼՕԽ-ի 2016-ի Օրացոյցը

Սեդա Մանկասարեան: Օգոստոսին արդէն ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբը աշխատանքի լծուած էր պատրաստելու ԼՕԽ-ի 2016-ի օրացոյցը: Միասնաբար որոշեցինք, որ այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք, նոր հարիւրամեակի սեմին նոր շունչով լիբանանահայ երիտասարդ նկարիչներ զարդարեն օրացոյցին էջերը: Քաջ կը հաւատանք, որ երիտասարդութիւնը պէտք է ներառենք մեր շարքերուն մէջ, որովհետեւ ան իր հմտութիւններով, ստեղծագործ միտքով պիտի նպաստէ մեր…

Աւելին
Տարեցներու Ամանորի Հաւաքոյթ

Արեւելքի մէջ, հայկական նահապետական ընտանիքներուն մէջ, տարեցը ունի իր մեծ տեղը հինէն ի վեր: Այնճար, հայաւանը, տօնական օրերու նախօրեակին, չի կրնար մոռնալ իր տարեցները ուրախացնել, մնալով հաւատարիմ աւանդութեան: Արդ, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբը կազմակերպեց հաւաքոյթ մը, Ուրբաթ, 18 Դեկտեմբեր, 2015 կէսօրուայ ժամը 12:30–ին, ճաշարան «Շալլալաթ»-ի մէջ, բարերարութեամբը Տէր եւ Տիկ. Մարկոս եւ Ծովիկ Սնապեաններու, ի…

Աւելին
Տարեցներու Աւանդական Կաղանդի Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-Ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի երկու յանձնախումբերուն, տարեցներու աւանդական կաղանդի ձեռնարկը, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 18 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներուն, Շրջանային վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբերու ընկերուհիներուն եւ բարերար՝ Պրն. Պերճ…

Աւելին
«Կարինէ» մասնաճիւղի Ամանորի Ձեռնարկը (2015)

ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերուն համար ամանորի ձեռնարկ կազմակերպելը արդէն դարձած է աւանդութիւն: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Ամանոս) Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին մէջ, կազմակերպած էր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով ձեռնարկ մը եւ ստեղծած տօնական մթնոլորտ: Սրահի սեղանները զարդարած էին եռագոյն բուչիկներով, վարչական ընկերուհիներուն ձեռամբ…

Աւելին
Ընկերային Հանդիպում Ամանորի Առթիւ

ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնճիւղի վարչութիւնը (Մարեուսէֆ) Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, կազմակերպած էր ընկերային հանդիպում մը, հրաւիրելով մասնաճիւղի ընկերուհիները, միասնաբար տօնական մթնոլորտով ուրախ եւ հաճելի ժամանակ անցընելու: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ «Սարգիս Ներսէսեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի…

Աւելին
Նոր Տարուայ Ձեռային Աշխատանքներու Դասընթացք (2015)

ԼՕԽ-ի Աղթամար մասնաճիւղի ձեռարուեստի յանձնախումբը նոր տարուայ եւ Ս. Ծնունդի նախօրեակին, կազմակերպեց կաղանդի ձեռային աշխատանքներու դասընթացք մը 2 հանգրուաններով: Առաջին դասընթացքը տեղի ունեցաւ 25 նոյեմբերին իսկ 2-րդը 9 դեկտեմբերին՝ դասատու ունենալով Ընկհ. Մարալ Թնքըրեանը: Դասաընթացքին մասնակցեցան 8 ընկերուհիներ որոնք ջերմ եւ ամանօրեայ մթնոլորտի մը մէջ սորվեցան մոմ շինել եւ յարդարել, ինչպէս նաեւ ամաններ եւ գաւաթներ զարդարել…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Գլխապտոյտին Պատճառները» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 16 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «թնճուկեան » սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գլխապտոյտին պատճառները» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի մասնագէտ տոքթ. Էլի Թաշճեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց…

Աւելին
Ընկերային Հանդիպում

ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Անթիլիաս) քանի մը ամիս բացակայութենէ ետք, Երեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը, «Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահէն ներս (Մըզհեր), ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Լիլիան Օրտողլեանի եւ շուրջ 45 ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Նորակազմ վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Վարդուկ…

Աւելին