ԱՊԸԲ կեդրոնի Ամանորը

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ուրախ տօներուն առիթով, Չորեքշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2015-ին,  երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ աւանդական Ամանորի խրախճանքը, որ կազմակերպուած էր ԱՊԸԲ Կեդրոնի աշխատանքի խմբակին կողմէ։

Ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամներ, ԱՊԸԲ Կեդրոնի Տնօրէնութիւնը, բժիշկները եւ անձնակազմը, որոնք համախնբուած  էին ԼՕԽ-ի երդիքին տակ, միասնաբար մէկ ընտանիքի անդամներու նման, տօնելու եւ խանդավառ ու ջերմ մթնոլորտ մը անցընելու:

Խրախճանքի բացման խօսքը կատարեց տիկի Ցոլեր Մարկոսեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, ապա հրաւիրեց ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Գըլպաշեանն ու ԱՊԸԲ կեդրոնի տնօրէնուհի՝ Օրդ. Մէյրի Չոլոյեանը, որպէսզի փոխանցեն իրենց սրտի խօսքը: Անոնք յաջորդաբար խաղաղութեան, արեւշատութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին եւ յարատեւ վերելք մաղթեցին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնին:

Ընդառաջելով կազմակերպիչ խմբակի հրաւէրին,   հանրածանօթ եւ սիրուած երգչուհի՝ Տիկն. Գարմէն Աճէմեան իր մասնակցութիւնը բերաւ գեղարուեստական յայտագրին, որ հայկական ժողովրդային եւ գաւառական երգերով ճոխացուց մթնոլորտը ։

Խրախճանքի խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին, երբ Կաղանդ Պապուկը, նուէրներու մեծ տոպրակ մը ուսին, ժամանեց սրահ եւ խրախուսեց ներկաները միասնաբար պարելու եւ երգելու: Խրախճանքը շարունակուեցաւ «Քարայոքէ» երգեցողութեամբ մինչեւ ուշ գիշեր։

           Ներկաները իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցելով եւ Նոր Տարին վերանորոգուած հոգիով ընդունելու յոյսով բաժնուեցան իրարմէ։