Ընկերային Հանդիպում Ամանորի Առթիւ

ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնճիւղի վարչութիւնը (Մարեուսէֆ) Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, կազմակերպած էր ընկերային հանդիպում մը, հրաւիրելով մասնաճիւղի ընկերուհիները, միասնաբար տօնական մթնոլորտով ուրախ եւ հաճելի ժամանակ անցընելու:

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ «Սարգիս Ներսէսեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, մասնաճիւղի բարերարուհի՝ տիկին Արշօ Ներսէսեանի եւ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու:

Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Շաքէ Դարբինեան, բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց իւրաքանչիւրին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որ իրենց ներկայութեամբ ընդառաջած էին վարչութեան հրաւէրին:

Ձեռնարկը ընթացաւ ճոխ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Վարչութիւնը, ներկաները հիւրասիրեց իր պատրաստած ուտելիքներով եւ անուշեղէնով: Ապա իւրաքանչիւրին բաժնեց Կաղանդը խորհրդանշող նուէր մը:

Ներկաները բարձր գնահատեցին վարչութեան աշխատանքը: Կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Վիճակաձգութենէն ետք, անոնք ուրախ, բարձր տրամադրութեամբ եւ Նոր Տարուան բարեմաղթութիւններով մեկնեցան սրահէն: