ԼՕԽ-ի «Արագած» Մասնաճիւղ Տարեցներու Կաղանդ

ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի վարչութիւնը, այս տարի եւս կազմակերպեց, տարիներու աւանդութիւն դարձած տարեցներու նուիրուած Ամանորի ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 26 Դեկտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, «Արագած» ակումբի «Սարգիս Գալայճեան» սրահէն ներս:

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք , վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սիլվա Բորբոսեան-Ուաննէս իր բարի գալուստի խօսքին մէջ ըսաւ թէ ՝-« մենք ձեզի կը պարտինք մեր գոյութիւնը սիրելի մամիկներ եւ պապիկներ, դուք պահեցինք հայ ազգը , ձեր զաւակներով եւ թոռնիկներով......ձեզի կը մաղթենք առողջութիւն եւ երկար կեանք......»

Ներկայ էին աւելի քան 150 ծերունիներ, եկած Պուրճ Համուտի եւ հեռակայ շրջաններէ, որոնք սրահի մուտքին դիմաւորուեցան վարչութեան ընկերուհիներուն կողմէ եւ իւրաքանչիւրին գլխուն կարմիր գլխարկ մը զետեղելով առաջնորդեցին զանոնք եւ նստեցուցին ճաշի սեղաններու շուրջ:

Տարեցները ուրախացնելու եւ տօնական ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծելու նպատակով, մասնաճիւղի վարչութիւնը հրաւիրած էր երգիչ Պերճ Թաթարեանը, որ ընկերակցութեամբ ձայնի հաղորդավար Գէորգ Պաղտասարեանի, իր հայկական երգերով խանդավառեց մթնոլորտը, որմէ քաջալերուած ծերունիները իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին շուրջպարերով եւ երգերով:

Մթնոլորտը առաւել եւս ճոխացաւ Կաղանդ Պապուկին եւ երկու տարբեր կերպարներու ժամանումով, որ ծերունիներուն հետ պարելէ եւ զուարճանալէ ետք, իւրաքանչիւրին բաժնեցին նուէր մը:

Անոնք սրահէն բաժնուեցան բարձր տրամադրութեամբ, շնորհակալութիւն յայտնելով, աղօթելով եւ բարի մաղթանքներով յաջողութիւն մաղթեցին ԼՕԽ-ին: