Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Արագած Մասնաճիւղ

Արագածը կը գտնուի Սեւանայ լիճին արեւմտեան կողմը: Լեռնային շրջան մըն է՝ Արարատեան դաշտի եւ Շիրակի դաշտերու, ինչպէս նաեւ Ախուրեան եւ Քասախ գետերու միջեւ:

Արագած անունը ըստ աւանդութեան, ծագած է Արա եւ գահ բառերէն:

Արագածի լանջերուն կը գտնուին «վիշապ» կոչուած ձկնակերպ կոթողներ, , բերդեր, եկեղեցիներ:

Արագածը հայկական լեռնաշխարհի չորրորդ ամենաբարձր լեռն է: Ունի չորս սուր գագաթներ. Ահա թէ ինչու կը կոչուի քառագագաթ: կատարը ծածկուած է մշտնջենական ձիւնով::

Արագածը բարեբեր է: Ունի հազարաւոր աղբիւրներ, որոնցմէ կը գոյանան գետակներ: Իր կողերուն վրայ կան տասէ աւելի լիճեր: Ճոխ է բուսականութիւնը: Ունի գոյնզգոյն անուշաբոյր ծաղիկներ:

Մթնշաղին, երբ վերջալոյսի ցոլքերը կը սկսին մարիլ, Արագածի վրայ, անոր չորս գագաթներուն միջեւ, կանթեղի նման կը կախուի երկար լուսեղէն ցոլք մը, որ կը կոչուի «Լուսաւորիչի Կանթեղ»: Մեր ժողովուրդը սքանչելի աւանդազրոյց մը հիւսած է անոր շուրջ եւ այդ «Կանթեղը» համարած է հայոց յոյսի եւ մարդու իրաւունքի խորհրդանիշը:

Մասնաճիւղը հիմնուած է 1950 –ին ,առաջին վարչական կազմը բաղկացած է հետեւեալ Ընկերուհիներէն՝ Նուարդ Պալեան, Սիրարբի Ճէրէճեան, Լիբանուհի Սիմոնեան,

Պայծառ Թորոսեան, Քրիստինէ Մարգարեան, Եղիսաբէթ Աւետիքեան, Պայծառ Խոսրովեան :

Կը գործէ Արագած շրջանի, ժողովրդային տան մէջ :

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

Լ.Օ.Խ.ի «Արագած» մասնաճիւղի «ընկերային հանդիպում»ը

Հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ.ի շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.ի «Արագած» մասնաճիւղի վարչութեան Ուրբաթ 25 Սեպտեմբեր 2026-ին, տեղի ունեցաւ «ընկերային հանդիպում» մը, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Աթայեան Եղբարք» սրահէն ներս, մուտքին իւրաքանչիւրը ստացաւ փոքրիկ յուշանուէր մը, ձեռնարկին ներկայ էին քոյր մասնաճիւղի ընկերուհիներ: Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք, վարչութեան ատենապետուհին՝ Լարա Այնթապլեան , խօսք առաւ եւ բարի գալուստ…

Աւելին
"Արագած" մասնաճիւղի ընկերային հանդիպում

ԼՕԽ-ի "Արագած" մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ընկերային հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 11 Մարտ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, "Ս. Գալայճեան" սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան մասնաճիւղի ներկայացուցիչ` ընկհ. Մարալ Երէցեանի։ ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի` ընկհ. Նուրիձա Դանիէլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց քահանայ հայրը օրհնելու օրուան ճաշը։ "Ս. Սարգիս"…

Աւելին
Ուսուցչաց տօն

ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղը Ուրբաթ, 9 Մարտի 2018-ին կազմակերպած էր ձեռնարկ մը՝ ուսուցչաց տօնին նուիրուած։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Արագածի ժողովրդային տան «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ՝ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Նազելի Աւագեանին, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչին՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանին, մասնաճիւղերու վարչութիւններու ներկայացուցիչ ընկերուհիներուն, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղականութեան…

Աւելին
«Փոքրերու Կաղանդ»-ի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի կազմակերպած «Փոքրերու Կաղանդ»-ի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 3 Յունուար 2018-ին, յետմիջօրէին ժամը 3:00-ին, «Հարտիզ» ճաշարանին մէջ: 43 փոքրիկներ միասնաբար ուրախացան, խաղացին եւ տօնական մթնոլոտի մէջ հաճելի պահեր անցուցին: Ապա Կադանդ պապուկը ժամանեց եւ նուէրներ բաժնեց բոլորին:

Աւելին
Կաղանդի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի կազմակերպած Նոր Տարուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 1 Դեկտեմբեր 2017-ին, Արագածի ժողովրդային տան «Ս. Գալայճեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ քոյր մասնաճիւղերու թէ միութիւններու ներկայացուցիչներու ,ինչպէս նաեւ մասնաճիւղի ընկերուհիներու, հրաւիրեալներու եւ մեծաթիւ բարեկամուհիներու։ ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի Սիլվա Ուաննէս բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ…

Աւելին
Պտոյտ Դէպի Հիւսիսային Լիբանան

Հինգշաբթի, 17 Օգոստոս 2017-ին տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի « Արագած » մասնաճիւղի կազմակերպած պտոյտը դէպի Սայիտըթ Նուրիէ, Միզիարա ուխտավայրերը, որմէ ետք պտոյտին մասնակիցները կանգ առին Պնաշիի շրջանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էի մասնաճիւղի մօտ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Նազելի Աւագեան, քոյր մասնաճիւղերու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, շրջանի հովուապետ Տէր Յակոբ քհն. Պզտիկեան, ձեռնարկի քաջալեր տիկիններ…

Աւելին
Բոլոր լուրերը