Կաղանդի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի կազմակերպած Նոր Տարուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 1 Դեկտեմբեր 2017-ին, Արագածի ժողովրդային տան «Ս. Գալայճեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ քոյր մասնաճիւղերու թէ միութիւններու ներկայացուցիչներու ,ինչպէս նաեւ մասնաճիւղի ընկերուհիներու, հրաւիրեալներու եւ  մեծաթիւ բարեկամուհիներու։

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի Սիլվա Ուաննէս բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ երախտագիտութեան խօսք փոխանցեց ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի աշխատանքները քաջալերող բոլոր բարեկամներուն եւ խաչուհիներուն։

Ապա մթնոլորտը ճոխացաւ հայկական ճոխ երգերով եւ պարեղանակներով, որոնցմէ խանդավառուած ներկաները երգեցին ու պարեցին։

Ձեռնարկը յատուկ էր իր բնոյթով, որովհետեւ վարչութիւնը երախտագիտական յուշանուէրով մը պատուեց մասնաճիւղի տարիներու հաւատաւոր եւ վաստակաշատ ընկերուհի Մանուշակ Գիզիրեանը։ Ընկերուհին ճամբորդութեան պատճառով պիտի մեկնէր Լիբանանէն, եւ վարչութիւնը առ ի գնահատանք իր բեղուն գործունէութեան, այս առիթով երախտագիտութիւն կը յայտնէր ընկերուհիին։

Ապա տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, որմէ բախտաւորուեցան գրեթէ բոլոր ներկաները։

Ձեռնարկի աւարտին հնչեցին ազգային հայրենասիրական երգեր։ Ներկաները բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան իրարմէ մաղթելով, որ կրկին հանդիպին։