Պտոյտ Դէպի Հիւսիսային Լիբանան

Հինգշաբթի, 17 Օգոստոս 2017-ին տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի « Արագած » մասնաճիւղի կազմակերպած պտոյտը դէպի Սայիտըթ Նուրիէ, Միզիարա ուխտավայրերը, որմէ ետք պտոյտին մասնակիցները կանգ առին Պնաշիի շրջանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ:
Ձեռնարկին ներկայ էի մասնաճիւղի մօտ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Նազելի Աւագեան, քոյր մասնաճիւղերու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, շրջանի հովուապետ Տէր Յակոբ քհն. Պզտիկեան, ձեռնարկի քաջալեր տիկիններ եւ հրաւիրեալներ:
Երկու ուխտատեղիներուն մէջ մասնակիցները Տէր հօր հետ աղօթեցին եւ խաղաղութիւն մաղթեցին համայն աշխարհին:
Ճաշարանին մէջ քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, բացման խօսք արտասանեց ատենապետուհի Սիլվա Ուաննէս, մթնոլորտը ճոխացաւ պարեղանակներով, ապա տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն: