Լուրեր

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները այցելութիւն տուին ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբի «Կազդուրման կայան»ի ծրագիրին մասնակցող պատանի-պարմանուհիներուն՝ Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի մէջ։ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեան յաջողութիւն մաղթեց ընկերային յանձնախումբի անդամներուն եւ անոնց կազմակերպած ծրագիրներուն, որոնք կը միտին ուրախացնել ընկերային ծանր պայմաններ ապրող պատանիները՝ զանոնք դուրս հանելով իրենց…

Աւելին
Կազդուրման կայանի փակման հանդիսութիւնը

Ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբի անդամներուն եւ ծնողներուն, կիրակի, 22 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպենկեան երկրորդական վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբի գլխաւոր ծրագիրներէն Կազդուրման կայանի փակման հանդիսութիւնը: Շուրջ 1 ժամուան ընթացքին 43 պատանիներ եւ պարմանուհիներ իբրեւ նիւթ ներկայացուցին հայ ազգային-ազատագրական պայքարի…

Աւելին
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումμի ծրագիրի հիմնական առանցքը «Կազդուրման կայան»ն է: Յանձնախումμը ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ ընկերային, առողջապահական եւ սննդական հարցեր դիմագրաւող ընտանիքներու երեխաներուն: 2 օգոստոս, 2010-ին 43 պատանիներ, 5 օգնականներ եւ մէկ պատասխանատու ուղղուեցան Այնճար՝ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարան՝ մասնակցելու համար ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումμին կազմակերպած…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբի Ցուցահանդէսը Հայկազեան Համալսարանին մէջ

Հայհազեան համալսարանի եւ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի կեդրոնի գործակցութեամբ Հայկական ասեղնագործութեան ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի 12 Յունիս 2010-ին, երեկոյեան ժամը 6;00-ին Հայկազեան համալսարանի ‘’Մաթոսեան’’ սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ ընկերային հարցերու նախարար` Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի ընկերային հարցերու նախարարի ներկայացուցիչ` Հաֆեզ Պու Լթէյֆ, Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ `Գեղամ Արք…

Աւելին
ՇՈՒՇԱՆԻԿ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԼՕԽ-ի Շուշանիկ մասնաճիւղը կայացուց իր առաջին ձեռնարկը Նիկոլ Դուման ակումբի Սարգիս Ազնաւուրեան սրահին մէջ՝ ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, այլ մասնաճիւղերու վարչութիւններու անդամներուն, ԼՕԽ-ականներու, բարեկամներու եւ միութեան գործին հաւատացողներու։ ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Պերճուհի Գասապեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնք, որոնք սատար կը…

Աւելին
ՈՍԿԻ ԱՇՈՒՆ : ԱՂԹԱՄԱՐ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Վերջին 5 տարիներուն ընթացքին ԼՕԽի Աղթամար մասնաճիւղը կիրականացնէ գեղեցիկ նախաձեռնութիւն մը՝ Ոսկի աշուն խորագիրով։ Աշնան սկիզբը, երբ դպրոցները իրենց դռները կը բանան եւ նոր տարեշրջան մը կը սկսի, երբ գիւղին մէջ բերքահաւաքը իր աւարտին կը հասնի եւ ձմրան ուտեստեղէններու պահեստի աշխատանքը կաւարտի, ԼՕԽի մասնաճիւղի Այնճարի կիներն ու օրիորդները կը հրաւիրէ այս ձեռնարկին՝ վայելելու աշնան բարիքները եւ ամրապնդուելով աւելի լաւ ապագայի մը…

Աւելին
160 ԱՆՁԵՐՈՒ ՃԱՇԻ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԻՒՆ՝ ԼՕԽ-Ի ԽՈՀԱՆՈՑԷՆ

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի բեղուն գործունէութեան մաս կը կազմէ խոհանոցի դրութիւնը՝ ճաշի սպասարկութեամբ։ Գործադրուած այս ծրագիրը հինգ տարիներու պատմութիւն ունի։ Մեր ընթերցողները հաւանաբար յիշեն, թէ այս կապակցութեամբ պարբերաբար տեղեկութիւններ տրուած են մամուլով կամ այլապէս։ Ծրագրին ծաւալած գործունէութիւնը մեզ կը ստիպէ անգամ մը եւս անդրադառնալու այս մարդասիրական բարեգործութեան, որ կիրագործուի ԼՕԽ-ի սկզբունքներուն եւ տեսլականին…

Աւելին
L0Խ-ի « Աղաւնի Փափազեան » Մասնաճիւղի 30 Ամեակ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, Զալքայի ԼՕԽ-ի « Աղաւնի Փափազեան » մասնաճիւղի Վարչութիւնը երեքշաբթի, 2 Փետրուար 2010-ին, կէսօրուան ժամը 11-ին «Ասիատ » ճաշարանին մէջ նշեց մասնաճիւղի հիմնադրութեան 30 Ամեակը: « Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան խօսք առնելով ըսաւ, որ երազի արագութեամբ սահող եւ իրենց մէջ ուրախութեան, դժուարութեան, գոհունակութեան եւ նորանոր մարտահրաւէրներու պահեր պարունակող այդ 30…

Աւելին