L0Խ-ի « Աղաւնի Փափազեան » Մասնաճիւղի 30 Ամեակ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային  Վարչութեան, Զալքայի ԼՕԽ-ի      « Աղաւնի Փափազեան » մասնաճիւղի  Վարչութիւնը  երեքշաբթի, 2 Փետրուար 2010-ին, կէսօրուան ժամը 11-ին «Ասիատ » ճաշարանին մէջ նշեց մասնաճիւղի հիմնադրութեան  30 Ամեակը:

« Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան խօսք առնելով ըսաւ, որ երազի արագութեամբ սահող եւ իրենց մէջ ուրախութեան, դժուարութեան,  գոհունակութեան եւ նորանոր մարտահրաւէրներու պահեր պարունակող այդ 30 տարիներուն ընթացքին  ԼՕԽ-ի ժրաջան եւ քաջարի անդամները իրենց գործօն  ներկայութեամբ, հաւատարիմ մնալով իրենց կոչումին, կրցան հասնիլ կարօտեալին, հիւանդին, ուսանողին ու ծերին:

Ըստ անոր, նման հանդիսութիւններ  կը քաջալերեն մասնաճիւղը՝ վերանորոգուելու   ԼՕԽ-ի ուխտով եւ նոր կորովով,  ոգիով, հաւատքով շարունակելու  աշխատանքը՝ միշտ բարձր պահելով  ԼՕԽ-ի ջահը եւ զայն փոխանցելով  սերունդէ սերունդ:

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան խօսքը փոխանցեց  ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ, մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Սօսի Արամեան, որ ըսաւ, թէ ԼՕԽ-ը ժամանակի թաւալումով անէանալու ճակատագիրին երբեք չէ ենթարկուած, այլ իւրաքանչիւր տարի ան նոր ծնունդ ապրած է եւ նորանոր բարձունքներ նուճած է:

«Յոբելինական հանդիսութիւնները  առիթներ են խանդավառելու,հոգեպէս  գոհանալու, հպարտանալու պատկանելիութեամբ  մը, սակայն անհրաժեշտ է , որ  այս մթնոլորտին մէջ նաեւ լիցքաւորուինք,  պարէնաւորուինք նոր ոգիով, նոր  հաւատքով, կամքով եւ ուժով, որպէսզի  յաւելեալ  ու վերանորոգ թափով կարենանք շարունակել մեր գործը եւ կերտել նորանոր ամեակներ՝մեր ինքնուրոյն դրոշմը դնելով այդ տարիներու ընկերային, հասարակական, քաղաքական մարզերուն վրայ» , յայտնեց Արամեան: Ըստ անոր տարեդարձներ նաեւ առիթ են հաշուետուութեան՝ կատարուածը արժեւորելու եւ նոր տեսլականով առաջնորդուելու:

Օրուան բանախօսը՝ Շաքէ Եագուպեան հաստատեց , որ ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին ուժականութիւնը իր մէկ ամբողջութիւն ըլլալու հանգամանքին մէջ է՝ հիմք ու ենթահող ունենալով մասնաճիւղերու մէջ տարուած անխոնջ մեծ աշխատանքը: Ան աւելցուց , որ ժամանակին հետ քայլ պահելով հանդերձ, պէտք է պահպանել մեր լեզուն , մշակոյթը , պատմութիւնը ու ազգային արժէքները: « կը գտնուինք նորանոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, որոնց դիմաց մեր նայուածքները անգամ մը եւս կը սեւեռին դէպի գիտակից հայ կինը՝ իբրեւ առաջին դաստիարակ,  մեր մայրերուն, որոնք ամբողջական յանձնառութեամբ, հայաշունչ սիրով մեր սերունդները պիտի փրկեն այլասերումէ», նշեց բանախօսը : Ան հաստատեց, թէ այս նպատակի իրականացման համար շատ կարեւոր են հաւաքական ուժը, հետեւողական աշխատանքն ու կազմակերպուածութիւնը : ուստի, պէտք է համախմբուիլ  ԼՕԽ-ի շարքերուն մէջ՝ հաւատքով ու նուիրումով, դիտել տուաւ Շ. Եագուպեան:

Իր խօսքը եզրափակելով՝ օրուան  բանախօսը յայտնեց, որ այսօր  ԼՕԽ-ը ունի ամէնէն բեղուն ու  բազմաճիւղ գործունէութեան դաշտը՝  շնորհիւ անցեալին գործած  օրինակելի փաղանգի մը նուիրեալ անդամներուն, որոնց անունները եւ խօսքը այսօր կրնան շօշափելի  ներկայութիւն ու գոյութիւն չըլլալ, սակայն կը մնան անոնց գործն ու շունչը:

Հանդիսութիւնը խանդավառեց Գարմեն Աճեմեան, իսկ ասմունքով հանդէս եկաւ Ազնիւ Պօղոսեան: