Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Աղաւնի Փափազեան Մասնաճիւղ

Աղաւնի Փափազեան (ծնեալ Զալըգեան) ծնած է 1886-ին Ատաբազար: Փոքր տարիքէն եղած է Ատաբազարի Հայ Կարմիր Խաչի անդամուհիներէն:

Կ’ամուսնանայ Գրիգոր Փափազեանի հետ, որ Ֆրանսական հանրապետութեան բարձրագոյն քոմիսէրն էր եւ կը պաշտօնավարէր նոյն ատեն գաղթականներու Նանսէնեան ընկերութեան գրասենեակին մէջ:

Հայ գաղթականներու դժուարութիւնները կարգադրելու համար Վահան Փափազեան, որ Ֆրանսայի Կապոյտ Խաչի հիմնադիրն էր հանդիպում մը կ’ունենայ Գրիգոր Փափազեանի հետ եւ կը փոխանցէ որ Հ.Յ.Դ. կ’ուզէ օգնութեան խաչի մասնաճիւղ մը հիմնել Լիբանանի մէջ:

Պրն. Գ. Փափազեան կը յայտնէ որ ինք բազմազբաղ ըլլալուն չի կրնար օգտակար ըլլալ, բայց իր կինը՝ Աղաւնին վստահաբար օգտակար կրնայ դառնալ: Եւ 2 Յունիս 1929-ին Փափազեաններու բնակարանին մէջ կը հիմնուի Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Պէյրութի առաջին մասնաճիւղը:

Բ. Համաշխարհային պատերազմին. Ն. Աղբալեանի թելադրութեամբ, ընկերուհի Աղաւնի այլ ընկերուհիներու հետ կը հաստատէ «պնակ մը կերակուր»ի դութիւնը, որ տարիներ շարունակ կը մնայ Լ.Օ.Խ.-ի գործունէութեան առանցքը եւ կը դառնայ այնքան հիմնական եւ կենսական օժանդակութիւն,»:

Բազմավաստակ գործունէութիւն տանելով Լ.Օ.Խ.-էն ներս, կը մահանայ 1988-ին, օրինակ դառնալով իր խստապահանջութեամբ բազմաթիւ ընկերուհիներու:

Մասնաճիւղը հիմնուած է 1980-ին Զալքայի շրջանին մէջ:

Առաջին վարչական կազմը եղած է հետեւեալը՝ Վեհան Էթիեմեզեան՝ ատենապետուհի, Անժէլ Կիւլիւմեան՝ փոխ ատենապետուհի, Անի Գուլայեան՝ ատենադպրուհի, Մարօ Դանիէլեան՝ գանձապահ, Արտա Նորընծայեան՝ հաշուպահ, խորհրդականներ՝ Սիրանոյշ Յովսէփեան, Սալբի Տարագճեան,Ալիս Նորընծայեան, Շաքէ Գըլընճեան :

Կը գործէ Հ.Յ.Դ «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն ներս:

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

<<Տաք Ճաշը>>

Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբը այս շաբաթ Լ.Օ.Խ.-ի <<Ա. Փափազեան>> մասնաճիւղէն 2 ընկերուհիներու հետ միասնաբար պատրաստեցին <<Տաք Ճաշը>>, որ կը հովանաւորէ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը։ Այնճարի <<Կարմիր Լեռ>> կոմիտէի կալուածոց յանձնախումբը յանձն առաւ օրուայ պտուղը՝ խնձոր։ Վարձքը կատար խոհանոցի յանձնախումբի ընկերուհիներուն, Լ.Օ.Խ.-ի <<Ա. Փափազեան>> մասնաճիւղի 2 ընկերուհիներուն և Այնճարի <<Կարմիր Լեռ>> կոմիտէի…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի «Գարնանային ձեռնարկը»

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի «Գարնանային ձեռնարկը» տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 25 Մարտի 2022-ին, «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սարին Յարութիւնեանի: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան, ըսելով .- «Անցեալին մեր մասնաճիւղը կը կազմակերպէր «Պահքի պազար», ուր մեր ընկերուհիները կը մասնակցէին բերելով իրենց պատրաստած պահքի…

Աւելին
Մայրերու եւ Համբարձման տօներու նուիրուած ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Զալքա), ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս կազմակերպած էր մայրերու տօնին նուիրուած ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 10 Մայիս 2018-ին: Այս տարի Մայիս 10-ը զուգադիպեցաւ նաեւ Համբարձման տօնին: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստ մաղթեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Անի Պաղտիկեանին, քոյր մասնաճիւղերու…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղի Ճաշի Պազար:

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղը աւանդութիւն դարձուցած է բարեկենդանի նախօրեակին կազմակերպել հայկական ճաշերու պազար: Շրջանի ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ, իրենց համադամ ճաշ եփելու հմտութեամբ կը սպասեն այդ օրուան, որ օգտակար դառնան ԼՕԽ-ի առաքելութեան: Վարչական ընկերուհիներ, շրջանի գործօն ընկերուհիներու օժանդակութեամբ, պատրաստեցին բարեկենդանի պազարի ճաշերը: Շաբաթ, 10 Փետրուար 2018-ին Գարեգին Նժդեհ ակումբը եռուզեռի մէջ էր…

Աւելին
Աշնանային Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Աշնանային Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2017-ին, Զալքայի «Տիուան Էլ Հաշէմ» ճաշարանին մէջ, Ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Անի Պաղտիկեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, հիւրերու եւ համակիրներու: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ…

Աւելին
Պտոյտ Դէպի «Այն Սաֆա»

ԼՕԽ –ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Զալքա) հաճելին ու օգտակարը միացնելով, 24 Օգոստս 2017-ին կազմակերպած էր պտոյտ մը դէպի «Այն Սաֆա»: ԼՕԽ-ական ընկերուհիներն ու բարեկամուհիները Հ.Յ.Դ. «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն ճամբայ ելան առաւօտեան ժամը 8:30-ին: Տերունական աղօթքէն ետք, ազգային եւ հայրենասիրական երգերու մթնոլորտին մէջ հասան «Տէր Էլ Ամար» ուր պտըտեցան մոմէ արձաններու «Մարի Պազ» թանգարանը: Ապա շարունակելով հասան «Այն…

Աւելին
Բոլոր լուրերը