ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Զալքա), ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս կազմակերպած էր մայրերու տօնին նուիրուած ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 10 Մայիս 2018-ին: Այս տարի Մայիս 10-ը զուգադիպեցաւ նաեւ Համբարձման տօնին:
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստ մաղթեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Անի Պաղտիկեանին, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն, բոլոր ընկերուհիներուն եւ բարեկամուհիներուն: Ապա շարունակեց ըսելով «հայ մայրը գիտցաւ օղակել հինը նորին, պատմութիւնը կրօնքին, ընտանիքը եկեղեցիին եւ մասունքի պէս փորձեց անաղարտ պահել «Ընտանիք» բառին սրբութիւնը: Կ'ողջունենք ձեզ հայ մայրեր ու կը մաղթենք ձեզի ուժ եւ կորով, որպէսզի շարունակէք հսկել ձեր ընտանիքներու հայեցի դաստիարակութեան:»
Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսը՝ ընկհ. Շողիկ Խաչատուրեանը որպէսզի խօսի մայրերու մասին:
Ընկհ. Խաչատուրեան ողջունելով ներկաները ըսաւ.- «Ահաւասիկ դարձեալ Մայիսն է, եւ հայ ազգը կը փառաբանէ իր մայրերը: Այս տարի հաճելի պատահականութեամբ մը, օրը կը զուգադիպի մեզի շատ սիրելի Համբարձման տօնին:
Շիրազեան տողերով հայ մօր տիպարը ներկայացնելով ըսաւ.- «Մեր տան ճրագն է մայրս, Մեր արեգակն է մայրս, Մայր՛ս, Մեր հացն է մայրս, Մեր տան աստուածն է մայրս»: Շարունակեց ըսելով «Սիրելիներ անհուն տիեզերքը եթէ ամբողջութեամբ էջեր դառնար, պիտի չբաւէր ձեզ ներբողելու եւ գովերգելու սիրելի մայրեր, առաւել եւս հայ մայրեր ո՛չ լեզուն, ոչ ալ գրիչը կարող են ճշգրիտ հարազատութեամբ արտայայտել գեղեցկութիւնը ձեր անուան ու վսեմութիւնը ձեր սիրոյն: Հայ ընտանիքի հիմնասիւնը կը հանդիսանայ հայ մայրը, իր ձերքին կը կրէ ազգապահպանման եւ հայակերտումի դրօշը: Հայ մօր վիճակուած է նաեւ իր զաւակներուն փոխանցել մեր աւանդութիւնները»:
Դասախօսուհին անդրադարձաւ նաեւ Համբարձման տօնին, վիճակ հանելու սովորութեան, որ ժամանակին կը կատարուէր մեծ տօնախմբութեամբ: Ան եզրափակել ըսաւ.- «բիւր յարգանք եւ մեծարանք ձեզի, խոնարհումով կը համբուրենք ձեր յոգնատանջ ձեռքերը:»
Սեղանին վրայ զետեղուած էր համբարձման առիթով ծաղիկներով զարդարուած եւ թուղթէ պզտիկ ծրարիկներով լեցուն դոյլ մը, որոնց վրայ գրուած էին վիճակի համար պատրաստուած քառեակներ: Այդ դոյլը պտըտեցաւ ներկաներուն, իւրաքանչիւրը մէկ հատ առնելով փորձեց Հաբարձման տօնին իր բախտը: Օրուան բախտաւորի ծրարիկը վիճակուեցաւ ընկերուհիի մը:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ սիրուած երգիչ՝ Նժդեհ Պոտրումեանը, որ իր անսպառ ձայնով ճոխացուց մթնոլորտը, երգելով ժողովրդային եւ աշուղական երգեր:
Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ եղան սրտաբուխ նուիրատութիւններ:
Ներկաները գոհունակութեանբ եւ բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան, իրենց հետ տանելով մուտքին բաժնուած Տիրամօր նկարով զարդարուած մոմէ պզտիկ լուսամփոփ մը:












