ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղի Ճաշի Պազար:

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղը աւանդութիւն դարձուցած է բարեկենդանի նախօրեակին կազմակերպել հայկական ճաշերու պազար: Շրջանի ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ, իրենց համադամ ճաշ եփելու հմտութեամբ կը սպասեն այդ օրուան, որ օգտակար դառնան ԼՕԽ-ի առաքելութեան:

Վարչական ընկերուհիներ, շրջանի գործօն ընկերուհիներու օժանդակութեամբ, պատրաստեցին բարեկենդանի պազարի ճաշերը:

Շաբաթ, 10 Փետրուար 2018-ին Գարեգին Նժդեհ ակումբը եռուզեռի մէջ էր, ԼՕԽ-ի ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ եկած էին իրենց  ներդրումը ունենալու, գիտնալով որ իրենց օժանդակութեամբ պիտի օգտուին շրջանի կարօտեալները եւ այսպիսով պիտի սատարեն ԼՕԽ-ի ազգօգուտ նպատակներուն:

Վարձքը կատար բոլորին: