Լուրեր

ԼՕԽ-Ի ՆԱՐՕՏ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԷՆ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ գրադարանի յանձնախումբին, ԼՕԽ-ի Նարօտ Արտալճեան մանկապատանեկան գրադարանը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ իւրաքանչիւր ամսուան վերջին ուրբաթը գրադարանին մէջ պիտի հիւրընկալէ մանկական գիրքերու հեղինակ մը, որպէսզի աշակերտներուն հետ ընթերցանութիւն կատարուի եւ զրոյց տեղի ունենայ գիրքին մասին: Գրադարանը արդէն իսկ քանի մը հիւր հեղինակներ ունեցած է: Արդարեւ, 26 նոյեմբեր…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբի աշխատանքը կը կայանայ անոր մէջ, որ առաւելագոյն չափով ծանօթացնէ ԼՕԽ-ի կամաւոր եւ բարեսիրական գործի նուիրական նպատակը: Յարաբերական յանձնախումբի աշխատանքը մեկնակէտ ունի նաեւ նիւթական հասոյթ ապահովել ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, որպէսզի իր կարգին իրագործէ օժանդակութեան ծրագիրներ՝ հասնելու համար բազմապիսի կարիքներու: Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յարաբերական յանձնախումբին…

Աւելին
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ` ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Հայկական աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները հայ կնոջ ծանօթացնելու ծիրին մէջ երկուշաբթի, 31 յունուար 2011-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի Թնճուկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին օրուան դասախօսը՝ Ազդակի աշխատակից Անուշ Թրուանց ընդհանրապէս հայկական աւանդական սովորութիւններուն եւ…

Աւելին
Հ. ՍԱՍՈՒՆԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Հ. Սասունի մասնաճիւղին, Կաղանդի յատուկ խրախճանք տեղի ունեցաւ Էտկար Ակնունի ակումբին մէջ՝ ներկայութեամբ 95 մանուկներու եւ պատանիներու։ Մասնաճիւղի ատենապետ Ալին Քէշիշեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց Կաղանդի եւ Ս. ծննդեան առնչուող սովորութիւններ։ ԱպաՈւրախ տարեդարձ խումբը ճոխացուց մթնոլորտը, տօնական տրամադրութիւններ ստեղծեց՝ երգերով…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի ՇՈՒՇԱՆԻԿ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շուշանիկ մասնաճիւղի վարչութեան, երեքշաբթի, 28 դեկտեմբերին, կ. ե. ժամը 3։00-ին Նիկոլ Դուման ակումբի Սարգիս Ազնաւորեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանուկներու Կաղանդի ձեռնարկ՝ մասնակցութեամբ Ուրախ տարեդարձ խումբին։ Ձեռնարկին ներկայ էին աւելի քան 160 մանուկներ եւ պատանիներ՝ իրենց ծնողներով։ Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Պերճուհի Գասպարեան բարի գալուստ մաղթելէ…

Աւելին
ՀԵՂՈՒՇ ՓԱՓԱԶԵԱՆ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Հեղուշ Փափազեան մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի, 26 դեկտեմբեր 2010-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած մանուկներու ամանորեայ խրախճանքը։ Ձեռնարկը կատարուեցաւ Էհլանի սրահին մէջ, որ սիրով տրամադրուած էր սրահի պատասխանատու Անի Պուճիքանեանի կողմէ։ Շուրջ հարիւր փոքրիկներ իրենց ծնողներով լեցուցած էին սրահը՝ ներկաներուն թիւը հասցնելով…

Աւելին
ԱՐԱԶ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԼՕԽ-ի Արազ մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, 21 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Կաղանդի խրախճանք, որուն ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, ԼՕԽ-ականներ եւ միութեան մօտիկ հիւրեր։ Վարչութեան անունով արտասանուած բարի գալուստի խօսքին մէջ շնորհակալութեան խօսք ուղղուեցաւ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան ԼՕԽ-ի տարած աշխատանքին արդիւնաւէտութեան, նիւթապէս կամ բարոյապէս նեցուկ կը կանգնին միութեան նուիրական գործին, որպէսզի անոր…

Աւելին
Ընկերային յանձնախումբ

Կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի ընկերային յանձնախումբին, ուրբաթ, 17 դեկտեմբեր 2010-ին, Պուրճ Համուտի բարեսիրական 5 կեդրոններու՝ ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնին, Հաուըրտ Գարակէօզեան, Ճինիշեան, Մար Եուսեֆ եւ Քարիթաս կեդրոններուն մէջ թիւով 600 ծերեր ու կարիքաւորներ տօնական օրերու նախօրեակին հրաւիրուած էին խրախճանքի մը: Այս հաւաքին նպատակն էր ուրախութիւն եւ յոյս ներշնչել մեր ծերերուն…

Աւելին
Ջ. Շանթ մասնաճիւղ, հանդիպում

ԼՕԽ-ի Ջ. Շանթ մասնաճիւղը 15 դեկտեմբերին Տըքուէնիի ակումբին մէջ կազմակերպեց հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան ԼՕԽ-ականներ ու բարեկամներ։ Մասնաճիւղի ատենապետ Ժաքլին Աքլեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մնայուն կերպով կը քաջալերեն միութիւնն ու մասնաճիւղը, նաեւ տարուած աշխատանքը՝ մաղթելով ուժ, յաջողութիւն, առողջութիւն եւ վերելք։ Ապա մարզաբուժութեան (ֆիզիոթերափի) մասնագէտ Յարութ Ուղուրլեան խօսեցաւ մարզանքի…

Աւելին
ԳԱՅԵԱՆԷ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Տօնական օրերուն առիթով ուրախացնելու համար ընտանիքին կինն ու մայրը, ԼՕԽ-ի Գայեանէ մասնաճիւղը 14 դեկտեմբերին կայացուց իր աւանդական դարձած Կաղանդի ձեռնարկը, Անթիլիասի Ահուէթ ըզեզ ճաշարանին մէջ։ Ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւններ, եկեղեցւոյ եւ վարժարաններու տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, մասնաճիւղի աշխատանքները քաջալերող եւ անոնց նեցուկ կանգնող ԼՕԽ-ականներ։ Իւրաքանչիւր…

Աւելին
ԱՍՏՂԻԿ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԼՕԽի Աստղիկ մասնաճիւղին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2010-ին, ՀՅԴ Տիգրան Ծամհուր ակումբին մէջ։ Ներկայ էին ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են միութեան։ ԼՕԽի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացումը կատարեց վարչութեան ատենապետ Վրէժ Փափազեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն տնտեսական տագնապի այս օրերուն ներկայ ըլլալնուն եւ ձեռնարկին յաջողութեան զօրակցելուն համար։ Օրուան…

Աւելին
ԿԱՂԱՆԴԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ` «ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆ»Ի ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, «Կազդուրման կայան»ի ծրագիրին մասնակցող 28 պատանիներ եւ 4 ուսուցիչներ ունեցան իրենց Կաղանդի խրախճանքը՝ Մաք Տանըլծի մէջ։ Ձեռնարկին ծախսերը ստանձնած էր ԼՕԽ-ական մը։ Աշակերտներն ու ուսուցիչները բաւական լաւ ժամանակ անցուցին, պարեցին, երգեցին, ունեցան խաղեր՝ մանուկներու յատուկ սրահին մէջ։ Անոնք շնորհակալութիւն…

Աւելին
«ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՕՐ»ՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Կամաւորներու հսկայական փաղանգէ բաղկացած կառոյց մը միայն կրնայ գիտակցիլ, թէ կամաւորներու օրը որքա՛ն մեծ ու կարեւոր նշանակութիւն ունի, եւ տարեկան դրութեամբ կը նշէ այդ օրը՝ տարբեր ձեռնարկներով եւ նախաձեռնութիւններով։ Կամաւորներու այս հսկայ փաղանգը Հայ օգնութեան միու- թիւնն է, որուն կարեւոր բջիջներէն է ԼՕԽ-ը, ուր տարիներէ ի վեր կամաւորներ լծուած են անսակարկ նուիրումով, ծառայութեան վեհ հոգիով եւ փոխարէնը միայն աղօթք մը կամ ժպիտ…

Աւելին
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՁԵՌԱԳՈՐԾՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին եւ նախագահութեամբ Տիգրան եւ Անգին Գալայճեան ամոլին, ուրբաթ, 3 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5։00-ին, Ժալ էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսի բացում։ Բարի գալուստի խօսքը հայերէնով եւ արաբերէնով արտասանեց Ձեռարուեստի յանձնախումբի անդամ Սօսէ Պոյաճեան։ Իր խօսքին սկիզբը ան…

Աւելին
ՍՏԱՆԱԼ` ՏԱԼՈՎ

Աստուած ստեղծած է մեր երկրագունդը զարմանալի հաշիւներով: Այնպիսի տնօրինում կատարած է, որ իւրաքանչիւր կեանքի կոչուած ստեղծագործութիւն ամբողջացնէ միւսը: Օրինակ՝ մարդ արարածը, անասունը եւ բոյսը զիրար ամբողջացնող գոյութիւններ են, որոնք կը տարբերին իրարմէ եւ միեւնոյն ատեն իրարու նման են. անոնք բոլորն ալ կը ծնին, կը շնչեն, կը սնանին, կը բեղմնաւորուին եւ կը մահանան: Կը տարբերին իրարմէ՝ զգացումներով, հոգեկան վիճակներով…

Աւելին
Արագած մասնաճիւղի Աշնանային Հանդիպում

ԼՕԽի Արագած մասնաճիւղի վարչութիւնը 30 նոյեմբեր, 2010-ին կազմակերպեց Աշնանային հանդիպում մը Արագածի ժողովրդային տան Սարգիս Գալայճեան սրահին մէջ։ Վարչութեան ատենապետ Քնար Մակարեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ տօքթ Սիրուն Վարդապետեան, որ նախ արժեւորեց ԼՕԽի մասնաճիւղերուն կազմակերպած ձեռնարկներուն բնոյթը՝ ժողովուրդին գիտելիքները հարստացնելու եւ ուրախ մթնոլորտ ստեղծելու միտումով, ըլլան անոնք դասախօսութիւններ՝…

Աւելին
ՇՈՒՇԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԼՕԽի Շուշի մասնաճիւղի վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ 26 նոյեմբերի հերթական Ա. ժողովը վերածելու ուրախ առիթի մը, ուր երկար ժամանակէ ի վեր զիրար չտեսած ԼՕԽականներ վայելեցին հանդիպման պահը։ Այս համախմբումին առիթը ԼՕԽի 80-ամեակն ու Շուշի մասնաճիւղի 70-ամեակն էր. կամաւորներու օրուան նախօրեակին վարչականները յարմար տեսած էին պատուել աւելի քան 25 տարիներէ ի վեր ԼՕԽի ընտանիքին ծառայած ընկերուհիները։ Ժողովի աւարտին գործադրուեցաւ…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի ԱՐԱԶ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

ԼՕԽ-ի Պաուշրիէի Արազ մասնաճիւղը հինգշաբթի, 11 նոյեմբերին ակումբին մէջ ունեցաւ իր տարեկան առաջին ընկերային հանդիպումը՝ ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան մօտ մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Մարօ Չոքաքլեանի, անդամներու, բարեկամներու եւ սիրելիներու, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ի գործն ու աշխատանքը քաջալերող համակիրներու։ Մասնաճիւղի ատենապետ Ազնիւ Աւետիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք քաջալերեցին ԼՕԽ-ի այս ընտանեկան եւ մտերմիկ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Շուշանիկ մասնաճիւղը ունեցաւ իր առաջին ձեռնարկը՝ Նիկոլ Դուման ակումբի Սարգիս Ազնաւուրեան սրահին մէջ

ԼՕԽ-ի Շուշանիկ մասնաճիւղը ունեցաւ իր առաջին ձեռնարկը՝ Նիկոլ Դուման ակումբի Սարգիս Ազնաւուրեան սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, այլ մասնաճիւղերու վարչութիւններու անդամներուն, ԼՕԽ-ականներու, բարեկամներու եւ ԼՕԽ-ի գործին հաւատացողներու։ ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Պերճուհի Գասապեան բարի գալուստ մաղթեց ընկերուհիներուն եւ ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր…

Աւելին
ընկերային հանդիպում մը՝ ԼՕԽ-ականներու, համակիրներու եւ հարազատներու ներկայութեամբ։

ԼՕԽ-ի Կարինէ մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը՝ ԼՕԽ-ականներու, համակիրներու եւ հարազատներու ներկայութեամբ։ Բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ իրենց քաջալերանքին եւ զօրակցութեան համար։ Ան աւելցուց, որ ձեռնարկէն գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի առողջապահական, ընկերային եւ կրթական տարբեր տեսակի հարցերու լուծման ի խնդիր տարուող աշխատանքին…

Աւելին
ՆԱՅԻՐԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

26 հոկտեմբերին Աղբալեան-ՀՄԸՄ մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի Նայիրի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած դասախօսական ձեռնարկը, որուն նիւթն էր հայ կիներուն առողջութիւնը։ ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Վարդուհի Գալայճեան, որ լուսարձակի տակ առաւ նման ձեռնարկի մը կայացման նպատակը, ինչպէս նաեւ ծանօթացուց օրուան բանախօսը՝ դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօղլեան, որ դասախօս է…

Աւելին
ԱՂԹԱՄԱՐ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

1 հոկտեմբերին Ս. Զէյթլեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ եզակի դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Փիթըր Հրեշտակեան։ Ան խօսեցաւ հայկական տի. էն. էյ.ի վերաբերող իր կատարած ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն մասին՝ լուսարձակի տակ առնելով ան երեւոյթը, որ հայկական տի. էն. էյ.ը որքան հին է, ուրկէ սերած է։ Ան տարբեր շրջաններուն մէջ ապրող շուրջ 300 հայերէ տի. էն. էյ.ի օրինակներ առած է՝ սերտելու համար հայերու տարիքը։ Ձեռնարկին բացումը կատարեց…

Աւելին
ԱՅԾԵՄՆԻԿ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Մարի Տնկիկեանի եւ Մելինէ Կոնճեանի, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Այծեմնիկ մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ յարգանքի օր՝ մասնաճիւղին մէջ 40-ամեայ վաստակ ունեցող ընկերուհիներու։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի Նաւասարդ ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետին, մասնաճիւղի ներկայացուցիչին, ԼՕԽ-ականներու, բարեկամներու եւ այլ կազմակերպութիւններու…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի ԿԱՐԻՆԷ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՊՏՈՅՏ

ԼՕԽ-ի Կարինէ մասնաճիւղի տարեկան պտոյտը տեղի ունեցաւ 18 սեպտեմբեր 2010-ին՝ դէպի Նահր Ասի։ Շուրջ 140 մասնակիցներ առաւօտեան ժամը 8։00-ին սկսան իրենց պտոյտին, որուն ընթացքին անոնք իրարու ծանօթացան, անոնց ներկայացուեցան մասնաճիւղի գործունէութիւնն ու տարուած աշխատանքները։ Անոնք առիթ ունեցան այցելելու Քսարա գինիի գործարանը, գաղափար ունեցան աշխատանքի բնոյթին եւ ձեւին մասին, նաեւ համտեսեցին համեղ գինին։ Պտոյտի մասնակիցները իրենց…

Աւելին