ԱՅԾԵՄՆԻԿ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Մարի Տնկիկեանի եւ Մելինէ Կոնճեանի, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Այծեմնիկ մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ յարգանքի օր՝ մասնաճիւղին մէջ 40-ամեայ վաստակ ունեցող ընկերուհիներու։

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի Նաւասարդ ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետին, մասնաճիւղի ներկայացուցիչին, ԼՕԽ-ականներու, բարեկամներու եւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու։

Մասնաճիւղին ատենապետը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իւրաքանչիւրին, որովհետեւ անոնք իրենց ներկայութեամբ բարձր կը գնահատեն ԼՕԽ-ն ու անոր գործունէութիւնը։

Այս առիթով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետը Այծեմնիկ մասնաճիւղի անդամներուն մաղթեց ուժ եւ յաջողութիւն՝ աւելցնելով, որ գնահատելի են տարուած աշխատանքն ու նախաձեռնութիւնը, մանաւանդ՝ ներկայի բազմապիսի մտահոգութիւններու եւ դժուարութիւններու լոյսին տակ։

Ապա գնահատանքի խօսք արտասանուեցաւ 40 տարուան վաստակ ունեցող անդամներուն, որոնք ամէն տեսակ զոհողութիւն յանձն առնելով՝ մեծ ուրախութեամբ ու գոհունակութեամբ ծառայած են ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին՝ գիտակցելով ԼՕԽ-ի գործունէութեան, նպատակին եւ առաքելութեան կարեւորութեան։