Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին եւ նախագահութեամբ Տիգրան եւ Անգին Գալայճեան ամոլին, ուրբաթ, 3 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5։00-ին, Ժալ էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսի բացում։
Բարի գալուստի խօսքը հայերէնով եւ արաբերէնով արտասանեց Ձեռարուեստի յանձնախումբի անդամ Սօսէ Պոյաճեան։ Իր խօսքին սկիզբը ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ժալ էլ Տիպի քաղաքապետին եւ քաղաքապետական խորհուրդին՝ սիրայօժար կերպով սրահը տրամադրելնուն համար։ Ան ցաւով նշեց, որ զգալի է յանձնախումբի սիւներէն Կարինէ Ալեքսանտրեանի բացակայութիւնը՝ աւելցնելով, որ ամիսներ առաջ ան բաժնուած էր իր սիրած կազմակերպութենէն եւ պաշտած գործէն։ Ս. Պոյաճեան նկատել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2010 տարին բախտաւոր եւ ներշնչող զուգադիպութեամբ մը հռչակեց Հայ կնոջ տարի, երբ ՀՕՄ-ը կը նշէր իր հիմնադրութեան 100-ամեակը, իսկ ԼՕԽ-ը՝ 80-ամեակը։ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբը գիտակցելով իր առաքելութեան, լծուեցաւ գործի՝ իր ԼՕԽ-ական կնոջական ամբողջ հոգիով կազմակերպելու այս ցուցահանդէսը, հաստատեց Ս. Պոյաճեան՝ աւելցնելով, որ իրենց կարեւորագոյն մտահոգութիւնը դարձած էր ազգային գաւառական ասեղնագործութիւնը միշտ կենդանի պահելով եւ զայն նորաձեւութիւններով զարգացնելով նոր սերունդին փոխանցելը։
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան հայերէնով եւ արաբերէնով խօսք առնելով նկատել տուաւ, որ ԼՕԽ-ի այս ցուցահանդէսը Նոր տարուան ուրախ օրերու աւետաբերն է՝ աւելցնելով, որ ՀՕՄ-ը հայ կնոջ կարողութիւնները զարգացնելու, հայ կինը առաւել եւս դերակատար դարձնելու կազմակերպութիւնն է, որուն մէկ մասնիկն է ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբը։ Ձեռագործներու այս աշխատանքը լաւագոյն ցուցանիշներէն մէկն է տեսնելու հայ կնոջ արժէքը, տեղը եւ իրմէ պահանջուած պարտականութիւնները, շեշտեց առաջնորդ սրբազանը՝ աւելցնելով, որ պէտք է սկսիլ արշաւի մը, որ իւրաքանչիւր հայ տան մէջ հայկական ձեռագործ ըլլայ։ Ես այսօր կը յայտարարեմ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբը իբրեւ հովանաւոր՝ Ազգային առաջնորդարանի շէնքին զարդարման... մենք հպարտ ենք Ձեռարուեստի յանձնախումբով, կապաւինինք ձեզի եւ կուզենք, որ Ազգային առաջնորդարանի սրահներն ու սենեակները դո՛ւք զարդարէք, յայտարարեց Գեղամ արք. Խաչերեան։
Աւարտին խօսք առաւ հիւսիսային Մեթնի քայմաքամ Մարլեն Հատտատ, ո շնորհաւորեց ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբի անդամները՝ շեշտելով, որ անոնք տիպարն են կարող, առաքինի եւ սէր ներշնչող կնոջ։ Ան նաեւ յայտարարեց, որ իրենք միշտ պատրաստ են նեցուկ կանգնելու յանձնախումբին։
Հարկ է նշել, որ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեան ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին նուիրեց իր նոր հրատարակած Լիւսիզ Ֆէյվըրիթ գիրքէն 50 օրինակ։
Յայտնենք նաեւ որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ կիրակի, 12 դեկտեմբեր եւ բաց է ամէն օր, առաւօտեան ժամը 10։00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7։00։

